By Asbarez | Tuesday, 30 October 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրք լրագրող Հասան Ճեմալի գիրքը, որ կը պատմէ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին, Թուրքիոյ մէջ դարձած է ամենաշատ ծախուող գիրքերէն մէկը. այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Զաման» թերթը՝ աւելցնելով, թէ այս իրողութիւնը ցոյց կու տայ, որ Հայկական Հարցին նկատմամբ աճող հետաքրքրութիւն գոյութիւն ունի թուրք հասարակութեան մօտ:
«1915. Հայկական Ցեղասպանութիւն» խորագիրով հատորը անցեալ ամիս հրատարակուեցաւ. «Զաման»ը յատկանշական կը նկատէ այն, որ գիրքի հեղինակին դէմ ցարդ որեւէ դատական հետապնդում չէ իրականացուած:
«Միլլիյէթ» թերթի քաղաքական մեկնաբան Հասան Ճեմալ, թոռնիկն է Ճեմալ փաշայի, որ Երիտթուրքերու կառավարութեան կարեւոր դէմքերէն մէկն էր:
Այս մասին «Զաման»ի էջերով հրատարակուած նիւթին մէջ մէջբերուած է նաեւ Հրանդ Տինքի հետեւեալ խօսքերը. «Անհրաժեշտ է ոչ թէ ժխտել կամ ճանչնալ, այլ՝ կատարուածի մասին տեղեկանալ», ապա նշուած, թէ «այս խօսքերը տեղին են նաեւ այսօր»:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ