By Արմէնփրէս | Tuesday, 23 November 2010
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, երեք ռուս քաղաքագէտներ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 18ին, յոռետեսութեամբ արտայայտուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մօտալուտ լուծում մը գտնելու կարելիութեան մասին:
Ամերիկեան «Քառնըկի» հիմնարկի Մոսկուայի կեդրոնի գիտական խորհուրդի անդամ, քաղաքագէտ Ալեքսէյ Մալաշենքօ յայտնած է, թէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կը դասուի «յաւերժական հակամարտութիւններ»ու շարքին: «Ան ոչ թէ հակամարտութիւն է, այլ գործընթաց: Վերջնական կարգաւորումը, որ պիտի բաւարարէ բոլոր կողմերը, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղը, մօտ ապագային անհնար է: Հոս կարեւորը շարժումն է՝ կարգաւորման ուղղութեամբ, եւ անիկա պէտք է հիմնուի փոխադարձ զիջումներու վրայ», յայտարարած է ան, «Նովոսթի Ատրպէյճան» գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին: Անոր համաձայն, Արցախի հարցով յատկանշական քայլեր պէտք չէ ակնկալել Ասթանայի գերաստիճանէն:
Իր կարգին, «Ռուսքիյ միր» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն, «Փոլիթիքա» հիմնադրամի նախագահ քաղաքագէտ Վիաչեսլաւ Նիքոնովը ըսած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը հակամարտաբանութեան մէջ կը դասուի չլուծուող հակամարտութեանց շարքին:
«Աշխարհի մէջ նման հակամարտութիւնները, իմ գնահատումով, 34 են: Անոնք այն հակամարտութիւններն են, որոնք արագ լուծում չունին», յայտարարած է Նիքոնով, նոյնպէս «Նովոսթի Ատրպէյճան» գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին: Ան եւս ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման հարցով բեկում չ՛ակնկալեր Ասթանայի ժողովին ընթացքին:
«Շատ բարդ է լուծել հակամարտութիւն մը, երբ դժուար է գտնել այնպիսի լուծում, որ կրնայ բաւարարել երկու կողմերը», եզրակացուցած է ան:
«Նովոսթի Ատրպէյճան» գործակալութեան հետ հարցազրոյց ունեցած Թենըսիի նահանգի համալսարանի դասախօս եւ քաղաքագէտ փրոֆ. Անտրէյ Քորոպքով եւս յայտնած է, թէ Ասթանայի գերաստիճանէն յատկանշական փոփոխութիւններ պէտք չէ ակնկալել՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին առնչութեամբ: «Դժուար է լուրջ փոփոխութիւններ ակնկալել, քանի որ ոչ մէկ կողմ պատրաստ է արմատապէս վերանայելու իր դիրքորոշումը: Դժուար է որեւէ լուրջ տեղաշարժ ակնկալել: Միակ բանը, զոր Ասթանայի մէջ բոլոր կողմերը կրնան ընել, այդ է, որ կոչ ընեն հրաժարելու հակամարտութիւնը ռազմական միջոցներով լուծելու փորձերէն»:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ