By Asbarez | Saturday, 04 December 2010
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Ամերիկայի Ձայն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Ուաշինկթընի մէջ յայտարարած է. «Եթէ նախապէս 20րդ դարու սկիզբի իրադարձութիւնները հերքուած են, ապա այժմ մենք չենք հերքեր, որ Թուրքիոյ մէջ հայերուն հետ աղէտալի իրադարձութիւններ տեղի ունեցած են»։
Ընդգծելով, թէ արձանագրութիւններու ստորագրութեամբ Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման տեսանկիւնէն քայլ մը եւս յառաջ գացած է՝ Տաւութօղլու ըսած է. «Միայն տասը տարի առաջ Թուրքիոյ մէջ Հայկական հարցին մասին չէր խօսուեր, այժմ մեր հասարակութիւնը զայն ազատօրէն կը քննարկէ»։
Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին, թուրքերու կամ հայերու պատճառով չէ որ երկու ժողովուրդներուն միջեւ խնդիրներ յառաջացած են։ Տաւութօղլու Ցեղասպանութեան պատճառը կը նկատէ Օսմանեան կայսրութեան փլուզման ընթացքին ազգայնական շարժումներու աշխուժացումը։ Ըստ անոր, իրադարձութիւններէն միայն մէկ տարի առաջ, այսինքն՝ 1914ին, Թուրքիոյ մէջ հայ նախարարներ կային, եւրոպական շարք մը մայրաքաղաքներու մէջ Թուրքիան կը ներկայացուէր ազգութեամբ հայ դեսպաններու կողմէ, իսկ օսմանեան աղբիւրներու մէջ հայերը կը յիշատակուէին իբրեւ՝ «ամէնէն հաւատարիմ հպատակները»։
«1915ը կարեւոր թուական է հայերուն համար, սակայն պէտք է յիշել, թէ այդ նոյն տարուան ընթացքին ռազմաճակատներէն միայն մէկուն մէջ զոհուած է շուրջ 250 հազար թուրք, որոնց շարքին՝ մեծ հայրս», ըսած է Տաւութօղլու՝ աւելցնելով. «Եթէ սխալներ եղած են, ապա անոնց մասին պէտք է խօսիլ։ Պէտք է յիշել, թէ կը խօսինք պատմական ժամանակաշրջանի մը մասին, որուն ընթացքին քաղաքական կարգ ու կանոնը կը բացակայէր Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին»։
«Ամերիկայի Ձայն»ի այն հարցումին, թէ արդեօք Թուրքիոյ մէջ յաջորդ տարի սպասուող ընտրութիւննե՞րը, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութի՞ւնը, թէ այլ պատճառներ դէմ կը կանգնին Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացնելու գործընթացին՝ Տաւութօղլու պատասխանած է. «Ցաւօք, Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը տուաւ որոշում մը, որուն միջոցով բացառեց պատմաբաններու յանձնախումբին ստեղծումը, ինչ որ կարեւոր էր Թուրքիոյ համար»։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է նաեւ, որ իր երկրին տեսանկիւնէն, Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու նպատակներն են՝ բարելաւել յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, հասնիլ ամբողջ աշխարհի մէջ հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ կայունութիւն հաստատել կովկասեան տարածաշրջանին մէջ։
Տաւութօղլու վերահաստատած է նաեւ Անգարայի այն դիրքորոշումը, թէ համաձայնագիրներու շուրջ փոփոխութիւն պիտի չըլլայ, այնքան ատեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ յառաջցընթաց չէ արձանագրուած։ «Այսինքն, եթէ նոյնիսկ արձանագրութիւնները առանց հայ-ատրպեճանական համաձայնութեան վաւերացուին, ապա իրավիճակի սրման պարագային, Թուրքիան դարձեալ պիտի փակէ սահմանը», յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը։
Միւս կողմէ, «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Երկուշաբթի օր Տաւութօղլուի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի միջեւ հանդիպումէն ետք, Տաւութօղլու թուրք լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով՝ յայտարարած է. ««Ուիքիլիքս»ի հրապարակած գաղտնի փաստաթուղթերուն պատճառով իմ եւ Քլինթընի միջեւ կայացած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ այդ հարցը։ Սակայն պէտք է նշեմ, որ ատիկա մեր հանդիպման հիմնական նիւթը չէր։ Բացի ատկէ, տիկին Քլինթըն հրապարակուած գաղտնի փաստաթուղթերուն առնչութեամբ ինծի յայտնեց ամերիկեան կողմին մտահոգութիւնը, նաեւ Թուրքիայէն, մեր կառավարութենէն, մեր վարչապետէն ու բոլորէս ներում հայցեց»։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ