Ուրուկուէյ Յետին Նպատակներ Չի Տեսներ Արցախ Այցելելու Որոշումին Մէջ

By Asbarez | Monday, 19 November 2012

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 19ին պատասխանած է Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղ տրուած այցելութեան կապակցութեամբ՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ անցեալ շաբաթ յղուած բողոքագիրին:

Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ Ուրուկուէյէն ղրկուած նամակին մէջ նշուած է, թէ Ուրուկուէյ կը պաշտպանէ միջազգային երկիրներու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքները՝ փորձելով հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորումը ապահովել:

Պատասխան նամակին մէջ նաեւ շեշտուած է, թէ քանի որ Ուրուկուէյ խոր ու աւանդական կապեր ունի Հայաստանի, իսկ բարեկամական ու կառուցողական յարաբերութիւններ՝ Ատրպէյճանի հետ, Ուրուկուէյ կառավարութեան ամենամեծ փափաքն է ջանքեր ներդրել՝ Հայաստան-Ատրպէյճան տարակարծութիւնները վերացնելու համար:

«Ուրուկուէյ կը փափաքի տարակարծութիւններու վերացումը՝ երկխօսութեան ճանապարհով, համաձայնութեան եւ այլ խաղաղ միջոցներով, որոնք պիտի ապահովեն երկու ժողովուրդներու համագործակցութիւնն ու գոյատեւումը, ինչ որ, իր կարգին՝ ապագային կը յանգեցնէ ամբողջ տարածաշրջանի ծաղկման ու բարգաւաճման», ըսուած է պատասխան նամակին մէջ, ուր եւ աւելցուած է, թէ Ուրուկուէյի ոչ մէկ գործողութիւն կամ դիրքորոշում պէտք է դուրս գայ այս շրջանակէն:

«Կարելի չէ անգամ նշել այն մասին, թէ վերոյիշեալ այցելութիւնը ունեցած է այլ նպատակներ կամ մտադրութիւններ», ըսուած է Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանին մէջ:

comments

Advertisement