ՄԱԿին Բողոքի Նամակ՝ Նախիջեւանի Խաչքարերու Սրբապղծման Մասին

By Asbarez | Monday, 20 December 2010

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու «Համազգային»ը բողոքի նամակ մը յղած է ՄԱԿի անդամ 170 երկիրներու պատուիրակութիւններուն, Նախիջեւանի մէջ կատարուած խաչքարերու սրբապղծման հնգամեակին առթիւ: Դեկտեմբեր 9, 2010ի թուակիր այս նամակը, գործակցութեամբ ՄԱԿի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան մնայուն դեսպան Կարէն Նազարեանի, յղուած է գրքոյկի մը՝ 90 էջերէ բաղկացած (երկլեզու՝ անգլերէն եւ ֆրանսերէն), որուն մէջ մանրամասնօրէն կը նկարագրուին խաչքարերու պատմականն ու անոնց մշակութային կարեւորութիւնը:

Նամակին մէջ կը բացատրուի, թէ պատմական Հայաստանի հռչակաւոր քաղաքներէն է Ջուղան, որ կը գտնուէր Մեծ Հայքի Սիւնիք նահանգի Երնջակ գաւառի՝ Արաքս գետի ձախ ափին, խոր կիրճի մէջ: Հայ մատենագրութեան մէջ արդէն 5րդ դարուն կը հանդիպինք æուղային՝ իբրեւ աւան: Այնուհետեւ, պատմական զանազան իրադարձութիւններու առնչութեամբ քաղաքը բազմիցս կը յիշատակուի հայ եւ օտար աղբիւրներու մէջ: æուղան ունեցած է նշանաւոր գրչատուներ, ուր ստեղծուած են ձեռագիրներ: Անոնցմէ մեզի ամէնէն կանուխ հասածը 1286էն է:

Անցնող տասնամեակին, բազմաթիւ ահազանգներ հնչած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ՝ æուղայի հայկական գերեզմանոցը փրկելու համար: Նոյնիսկ «Եունեսքօ»ն ջանքեր գործադրած է՝ կասեցնելու աննախադէպ այս բարբարոսութիւնը, սակայն, ինչպէս փաստուեցաւ, քաղաքակիրթ մարդկութիւնը առայժմ ի զօրու չէ փակելու թուրք պետութեան անցնելիք վայրագ ճանապարհը:

Հայաստանի «Մեծակրօն մայրաքաղաք» եւ «Պարծանք հայոց ազգիս» æուղան անշուք դարձնելու թուրքերու եւ այլ արշաւողներու դարերով մշակուած ծրագիրը, այլեւս իրականութիւն է. Ջուղայի պատմագիտական արժէք ունեցող գերեզմանոցը այլեւս գոյութիւն չունի: Եզակի արժէք ունեցող հազարաւոր խաչքարեր այլեւս լուսանկարներու մէջ միայն ցոյց կու տան իրենց անկրկնելի հմայքն ու իւրայատկութիւնը:

Նամակը կ՛եզրակացնէ, թէ Ջուղայի խաչքարերու ջարդն ու փոշիացումը շարունակութիւնն է թրքական ծանօթ քաղաքականութեան: Պատմութեան ընթացքին թուրքերը բազմիցս մահ ու աւեր սփռած են հայկական հողերուն վրայ: 

comments

Advertisement