Ատրպէյճան Կը Բողոքէ Ալիեւի Արձանը Վերցնելու Առաջարկին ԴԷմ

By Asbarez | Tuesday, 27 November 2012

 

ՊԱՔՈՒ, ՄԵՔՍԻՔՕ ՍԻԹԻ, «Էյ.Փի.Էյ.», «Ազատութիւն».- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 27ին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլաեւ յայտարարեց, թէ Մեքսիքա պէտք է յարգէ Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի արձանը Մեքսիքօ Սիթիի մէջ առնուազն 99 տարի պահելու համաձայնութեան պայմանները՝ արձանը երկու երկիրներու միջեւ բարեկամութեան խորհրդանիշ մը նկատելով:

Ան նաեւ անուղղակիօրէն ազդարարեց, թէ Մեքսիքայի մէջ ատրպէյճանական ներդրումները կրնան կասեցուիլ, եթէ արձանը վերցնելու կապակցութեամբ խորհրդականական մարմինին որոշումը գործադրութեան մէջ դրուի:

Յայտնենք, թէ Շաբաթ օր խորհրդարանին կողմէ մէջտեղ եկած այդ մարմինը առաջարկեց վերցնել արձանը, որովհետեւ օտար մենատէրի մը արձանը երկիրի մայրաքաղաքին մէջ զետեղելու քայլը բողոքի ալիք մը բարձրացուցած է այնտեղի մարդկային իրաւանց պաշտպաններու շրջանակներէն ներս:

Այս որոշումէն անմիջապէս ետք, Մեքսիքայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Իլկար Մուխթարով աւելի յստակ սպառնալիքներ ուղղած էր Մեքսիքայի իշխանութեանց՝ ազդարարելով, թէ չորս միլիառ տոլարի հասնող ներդրումները կրնան ջնջուիլ: Ան նոյնիսկ սպառնացած էր Մեքսիքայի հետ դիւանագիտական կապերը խզել, սակայն աւելի ուշ մեղմացուցած էր իր դիրքը՝ խոստանալով հարցը քննել մայրաքաղաքի պաշտօնատարներուն հետ, «բարեկամական լուծում մը» գտնելու նպատակով:

Ան նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններն ու Մեքսիքա հաստատուած հայերը պատասխանատու նկատեց Ալիեւի արձանին դէմ սկսած արշաւին:

Ըստ տարբեր աղբիւրներու՝ Ատրպէյճան 5էն 10 միլիոն տոլար նուիրած էր Մեքսիքայի իշխանութեանց՝ Ալիեւի արձանը եւ անոր շուրջ «Մեքսիքա-Ատրպէյճան բարեկամութեան զբօսավայրը» կառուցելու նպատակով, սակայն այն պայմանով, որ արձանը 99 տարի հոն պահուի:

Յայտնենք, թէ Երեքշաբթի օր, կազմակերպութեամբ Հարաւային Ամերիկայի ատրպէյճանական միութեանց, տեղի ունեցած է նաեւ Ալիեւի արձանը վերցնելու որոշումին դէմ բողոքի ցոյց մը, որուն մասնակցած են ատրպէյճանցիներ եւ թուրքեր:

comments