Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դատապարտէ Ղպտի Եկեղեցւոյ Դէմ Կատարուած Ահաբեկչութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 04 January 2011

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ 1 Յունուար 2011ին, Ղպտի եկեղեցւոյ պետ Շնուտա Գ. պատրիարքին ուղղած իր նամակով, Արամ Ա. կաթողիկոս խստիւ դատապարտած է Աղեքսանտրիոյ Ղպտի եկեղեցւոյ դէմ կատարուած ահաբեկչական գործողութիւնը:

Իր նամակին մէջ վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով Եգիպտոսի մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ դարաւոր գոյակցութեան, ըսած է. «Երկար դարեր քրիստոնեաներ եւ իսլամներ միասնաբար ապրած են Եգիպտոսի մէջ, փոխադարձ յարգանքով ու համերաշխութեամբ: Հետեւաբար նման ահաբեկչական բռնարարքներ անընդունելի են եւ խստօրէն կը դատապարտենք կատարուած գործողութիւնը, որ անմեղ զոհեր խլեց: Վստահ ենք, որ Եգիպտոսի քրիստոնեաները եւ իսլամները համակեցութեան ու գործակցութեան ոգիով պիտի շարունակեն իրենց գոյակցութիւնը»:

Վեհափառ հայրապետը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին, ու աղօթք բարձրացուցած առ Աստուած ահաբեկչական գործողութեան զոհ դարձած հաւատացեալներուն հոգւոց խաղաղութեան համար, ինչպէս նաեւ մխիթարութիւն հայցած է հանգուցեալներու ընտանեկան պարագաներուն համար: 

comments

Advertisement