Թուրքիոյ Մէջ «Տարուան Մարդ»ը Ճանչցուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Գրած Խմբագիրը

By Նիուզ | Tuesday, 11 January 2011

ՊՈԼԻՍ, «Նիուզ».- Թրքական «Թուտէյզ Զաման» պարբերականին խմբագիրները «Թարաֆ»ի գլխաւոր խմբագիր Ահմետ Ալթանը ընտրած են իբրեւ «Թուտէյզ Զաման»ի Տարուան Մարդը: Ըստ թերթին, Ալթան կեդրոնական դեր ունեցած է Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադրումէն ի վեր ամենամեծ բարեփոխումին մէջ:

Ալթան, որ քանի մը «Best seller»ներու հեղինակ է, իր սիւնակին մէջ ընթերցողները կը հիացնէ՝ օրուան քաղաքական հիմնախնդիրներու մեկնաբանութիւնները ներկայացնելով գեղարուեստական արձակի ձեւով: Սակայն սրութիւնն ու հիմնաւորուածութիւնը ունին նաեւ հետեւանքներ. ոմանք այնքա՛ն կ՛ատեն զինք, որ նոյնիսկ մահուան սպառնալիքներով եւ ատելութեան արտայայտութիւններով նամակներ կ՛ուղարկեն իրեն:

Ալթան յայտնի գրող եւ նախկին պատգամաւոր Չեթին Ալթանի որդին է: Չեթինը ժամանակին քաղաքական հայեացքներու համար նոյնիսկ բանտարկուած էր: Ըստ Ալթանի, հայրը իրենց սորվեցուցած է չդաւաճանել ստեղծագործելուն եւ գրածին մէջ ըլլալ ազնիւ ու անկեղծ:

2008ին, երբ Ահմետ Ալթան հրապարակեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած «Օ՜, իմ եղբայր» յօդուածը, անոր դէմ ներկայացուեցաւ «թրքական ինքնութիւնը վիրաւորելու» մեղադրանք՝ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301 յօդուածին համաձայն:

«Պէտք է խելագար ըլլալ՝ նման բան ընելու համար», իր աշխատանքին մասին ըսած է Ալթանը, երբ 2009ին ստացած է «Շպարկասսէ Լէյպցիք» հիմնադրամի Զանգուածային լրատուամիջոցներու ազատութեան եւ ապագայի մրցանակը:

comments