Պրայզան Հաւանաբար Պաքու Մեկնի Այս Ամիս

By Ազատութիւն | Tuesday, 11 January 2011

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ազատութիւն».- Ուաշինկթընի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ԱՄՆի Պետական բաժանմունքի պաշտօնական ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Քրաուլի յայտարարած է, թէ չի բացառուիր, որ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեթիու Պրայզա Պաքու մեկնի ընթացիկ ամսուան մէջ։

Քրաուլիի խօսքով, Նոր տարիէն առաջ նախագահ Պարաք Օպամայի հրամանագիրով նշանակուած բոլոր դեսպաններուն հետ խորհրդակցութիւններ իրականացած են Պետական բաժանմունքին մէջ, որմէ ետք անոնք ձեռնամուխ եղած են իրենց անմիջական պարտականութիւններու կատարման:

comments