Վատիկան Ցեղասպանութեան Արխիւները Մասնակիօրէն Կը Բանայ

By Asbarez | Tuesday, 11 December 2012

ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմուիքլինիուզ» կը տեղեկացնէ, թէ հակառակ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ունեցած գաղտնի արխիւները բոլորին տրամադրելի դարձնելու խոստումին՝ Վատիկան կը բանայ միայն այն արխիւները, որոնք շահեկան են Թուրքիոյ համար:

Թուրքիոյ մօտ Վատիկանի եպիսկոպոսներու միութեան մամլոյ քարտուղար Ռինալտօ Մարմարա ըսած է, թէ արխիւները քննելու նպատակով՝ Պոլսոյ Պահչեշեհիր համալսարանին մէջ պիտի բացուի «Վատիկանի հետազօտութիւններու խումբ»ը:

Նախ այս խմբակի առնուազն 50 անդամները արտօնութիւն պիտի ստանան ազատօրէն մուտք գործելու Վատիկանի արխիւ եւ ուսումնասիրելու Թուրքիոյ ու Օսմանեան կայսրութեան վերաբերող Վատիկանի գաղտնի փաստաթուղթերը, որոնց թիւը կը հասնի շուրջ 1 միլիոն փաստաթուղթի:

Մասնագէտներ կը յայտնեն, թէ Վատիկանի այս քայլը Թուրքիոյ նկատմամբ բարեկամական քայլ մըն է, որովհետեւ, ինչպէս Ռինալտօ Մարմարա յայտարարած է, աշխարհի տարբեր շրջաններէ հարիւրաւոր գիտնականներ «կարգի կը սպասեն»՝ այդ փաստաթուղթերը ուսումնասիրելու արտօնութիւն ստանալու համար:

«Վատիկանի հետազօտութիւններու խումբ»ը պիտի ղեկավարուի Մարմարայի կողմէ, որուն համաձայն՝ նախ պիտի բացուին 1915ի առնչուող արխիւները, առիթն ընծայելով թուրք պատմաբաններուն, որ գտնեն իրենց երկիրի շահերուն համար օգտակար փաստաթուղթեր եւ բացատրեն, թէ ի՛նչ պատճառով սկսած են հայերու դէմ 1915ի «գործողութիւնները»:

Վատիկան ի մտի ունի նաեւ թուրք պատմաբաններուն տրամադրել 1920-22 թուականներուն Կիլիկիոյ մէջ տեղի ունեցած հայերու կոտորածին եւ արտաքսման վերաբերեալ ֆրանսերէն եւ լատիներէն փաստաթուղթեր, որոնք, ինչպէս Մարմարա բնութագրած է, կրնան «դրական լոյս սփռել Աթաթուրքի գործողութիւններուն վրայ», որովհետեւ Թուրքիան կրնայ ներկայացուիլ իբրեւ տուժող կողմ:
Ուրեմն, Վատիկան այսպիսով կ՛արտօնէ Թուրքիոյ, որ իր արխիւներէն հրապարակէ միայն այն փաստաթուղթերը, որոնք շահեկան են Թուրքիոյ համար: Մնացեալ փաստաթուղթերը, փոխադարձ համաձայնութեամբ, կրնան երկար ժամանակ մնալ անյայտ:

comments

Advertisement