Գերմանիոյ Ընտրութեանց Թուրք Թեկնածուն Հաստատած Է Ցեղասպանութիւնը

By Նիուզ | Monday, 17 January 2011

«Նիուզ» լրատու գործակալութիւնը Յունուար 12ին կը տեղեկացնէ, թէ Գերմանիոյ Համպուրկ նահանգի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող թուրք երեք թեկնածուներէն մէկը՝ Մեհմետ Եըլտըզ, նախնական ընտրութեանց ընթացքին կը պայքարէր անկախ թեկնածու, Համպուրկի հայ համայնքի ներկայացուցիչ ու «www.armenieninfo.net» կայքի խմբագիր Թորոս Սարեանի դէմ:

Ըստ թրքական «Սապա» թերթին, նախընտրական քննարկումներու ընթացքին հայազգի թեկնածուն հետաքրքրուած է, թէ Եըլտըզ ի՞նչ դիրքորոշում ունի Հայկական Ցեղասպանութեան առնչութեամբ, որուն իբրեւ պատասխան, թուրք թեկնածուն նշած է, թէ Թուրքիան 1915ին յանցանք գործած է հայերուն նկատմամբ եւ ցեղասպանութիւն իրականացուցած է:

Քաղաքական մեկնաբաններ կը յայտնեն, թէ թուրք թեկնածուին համարձակ յայտարարութեան համար, «Ձախ» կուսակցութեան խորհուրդը զայն ընդգրկած է իր ընտրացուցակին վրայ՝ միաժամանակ դուրս ձգելով հայազգի թեկնածուն:

comments