Լիբանանի Համախոհական Կառավարութիւնը Կը Տապալի

By Ա.Էֆ.Փէ. | Monday, 17 January 2011

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.», «Ազդակ».- Չորեքշաբթի, Յունուար 12ին, Լիբանանի պետական նախարար Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն ներկայացուց իր հրաժարականը՝ նոյն օրը հրաժարած ընդդիմադիր նախարարներուն թիւը հասցնելով 11ի, ինչ որ առաջնորդեց Լիբանանի համախոհական կառավարութեան տապալումին: Նախապէս, ուժանիւթի նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտարարած էր, որ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու 10 նախարարներ իրենց հրաժարականը յանձնած են: Այդ նախարարներէն մէկն է Աբրահամ Տէտէեանը:

Ընդդիմութիւնը դժգոհ է նախկին վարչապետ Ռաֆիիք Հարիրիի սպանութիւնը հետապնդող միջազգային ատեանի գործունէութենէն:

Յատկանշական է, որ այս բոլորը տեղի կ՛ունենային այն միջոցին, երբ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում կ՛ունենար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ: Այդ հանդիպումը աւարտեցաւ, առանց յայտարարութիւններու:

Յայտնենք, թէ Լիբանանի մէջ իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր քաղաքական երկփեղկումին վերջ տալու եւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու միտումով առաջադրուած սուրիական-սէուտական նախաձեռնութիւնը, Երեքշաբթի օր փչեց իր վերջին շունչը՝ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած շարք մը հանդիպումներուն իբրեւ հետեւանք։ Սուրիական եւ սէուտական ջանքերուն առընթեր, լիբանանեան անբաւարար ճիգերը պատճառ դարձան, որ այդ նախաձեռնութիւնը անելի մատնուի։

Այս ծիրին մէջ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Երեքշաբթի օր այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին՝ պահանջելով անկէ, որ Չորեքշաբթի օր իսկ կայացնէ կառավարութեան նիստ մը, որպէսզի կարելի ըլլայ որդեգրել միջլիբանանեան որոշումներ, զորս կարելի չեղաւ որդեգրել շրջանային ջանքերով։

Նախագահ Սլէյման խոստացաւ ընդառաջել ընդդիմութեան պահանջքին, եւ ուշ գիշերին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ՝ կառավարութեան արտակարգ նիստ մը գումարելու շուրջ անոր հետ համաձայնելու նպատակով։

Լիբանանի քաղաքական ընդդիմադիր ուժերու աղբիւրներ նախագահ Սլէյմանէն Չորեքշաբթի օր տեղեկացան, թէ վարչապետ Հարիրի մերժած է ընդառաջել ընդդիմութեան պահանջքին՝ շեշտելով, որ ինք ճնշումներու տակ եւ անակնկալ կերպով մետասաներորդ պահուն կառավարութիւնը նիստի չի հրաւիրեր, ինչպէս նաեւ կը մերժէ միջազգային ատեանին գործունէութիւնը կամ անոր նիւթական յատկացումները կասեցնելու մասին ընդդիմութեան առաջարկները:

Երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 8։30ին, ընդդիմադիր ուժերը Ռապիէի մէջ գումարեցին ընդարձակ նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, «Մարատա» հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, ընդդիմութեան անդամ նախարարներ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ եւ «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլ։

Հանդիպումէն ետք նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, թէ լիբանանեան քաղաքական տագնապը լուծելու արաբական ջանքերուն արգելակման իբրեւ հետեւանք, Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները եւ ամէնէն մօտիկ ժամանակամիջոցին գումարէ արտակարգ նիստ մը, որպէսզի կարելի ըլլայ որդեգրել յարմար որոշումներ, յատկապէս՝ Միջազգային ատեանին եւ անոր արձակելիք նախնական ամբաստանութեան վերաբերեալ։ Ան աւելցուց, որ ամերիկեան վարչակազմը պատասխանատու է արաբական նախաձեռնութեան խոչընդոտումին։

Նոյն օրը, երեսփոխան զօր. Աուն շեշտեց, թէ լիբանանեան ներքաղաքական տագնապին լուծման առումով առաջադրուած սուրիական-սէուտական նախաձեռնութիւնը ապարդիւն դուրս եկած է։ «Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին եւ Սուրիոյ նախագահին՝ անոնց ի գործ դրած ջանքերուն համար», ըսաւ Աուն՝ աւելցնելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցած քաղաքական կողմն է, որ զլացած է ընդառաջել նախաձեռնութեան՝ պատճառելով անոր ձախողութիւնը։

Զօր. Աուն դիտել տուաւ, որ հարկ է միջլիբանանեան համաձայնութիւն մը գոյացնել, եւ նշեց, թէ իրեն համար կարեւոր են հիմնական երկու ճշմարտութիւններ՝ ո՞վ սպաննեց նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին եւ ո՞վ ստեղծեց «սուտ վկաներ»ը։

Վերջապէս, մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին հետ Չորեքշաբթի օր իր ունեցած հանդիպումէն ետք, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, թէ «մութ ուժերու» միջամտութեամբ սուրիական-սէուտական ջանքերը ձախողած են:

comments