By Asbarez | Wednesday, 19 December 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական լրատուամիջոցները արձագանգած են ֆրանսացի աշխարհահռչակ դերասան Ալան Տըլոնի Հայաստան կատարած այցելութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի մէջ նահատակներու յիշատակին դիմաց անոր խոնարհելուն: Այս մասին յայտնած է թրքական «Haberler.com»ը՝ նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առնուած է այն հանգամանքը, որ Հայաստան ժամանած արուեստագէտը խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
Թրքական լրատուամիջոցը ներկայացուցած է ֆրանսացի շարժապատկերի աստղին ունեցած հանդիպումը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ: Թրքական կայքէջը ընդգծած է, որ դերասանը բարձրաձայնած է թուրքերուն կողմէ իրենց պատմական անցեալին՝ Ցեղասպանութեան հետ առերեսուելու փաստին մասին, ապա մէջբերած է աշխարհահռչակ դերասանին խօսքը. «Այս հարցին գծով Ֆրանսայի դիրքորոշումը յստակ է: Մենք կը դատապարտենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ