By Asbarez | Monday, 14 January 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճան անցեալ տարուան ընթացքին Իսրայէլէն մեծ քանակութեամբ զէնք եւ ռազմական սարքաւորումներ գնած է. այս մասին կը հաղորդէ «Ազերիփրէս» լրատուական կայքը՝ յղում կատարելով ատրպէյճանական ռազմական աղբիւրներու:
2012ին Իսրայէլի հետ ստորագրուած պայմանագիրներու համաձայն՝ Ատրպէյճան գնած է գնդացիրներ, հրացաններ, հաղորդակցութեան միջոցներ, հրթիռներ եւ անօդաչու համակարգեր:
Ատրպէյճանի մէջ, իսրայէլեան «Aeronaitics» ընկերութեան հետ համատեղ կ՛արտադրուին նաեւ «Orbiter 2M» եւ «Aerostat» անօդաչու լրտեսական օդանաւեր: Սկսած է նաեւ «Heron» եւ «Hermes 900» անօդաչու օդանաւերու արտադրութեան նախապատրաստական աշխատանքը:
2011ին, Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ 1.6 միլիառ տոլարի պայմանագիր կնքուած էր զէնքերու եւ ռազմական սարքաւորման վաճառքի վերաբերեալ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ