Օճալան Փարիզի Սպանութեանց Հարցը Անմիջապէս Լուծելու Կոչ Կ՛ընէ

By Asbarez | Wednesday, 16 January 2013

ԱՆԳԱՐԱ, »Անատոլու«.- Ցմահ բանտարկուած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի հետ Երկուշաբթի օր հանդիպում մը ունեցած անոր եղբայրը՝ Մեհմետ Օճալան յայտնեց, որ Օճալան դատապարտած է Փարիզի մէջ քիւրտ ականաւոր կին գործիչներու սպանութիւնը եւ կը պահանջէ, որ ոճիրին ծալքերը անմիջապէս բացայայտուին, որովհետեւ անիկա »նշան մըն է«, թէ՝ »ընդյատակեայ ուժեր գործի լծուած են«:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ ըսաւ, որ Թուրքիա Փարիզի մէջ տեղի ունեցած սպանութեանց հետաքննութեան մասնակից չէ: »Ֆրանսական իշխանութիւններն են, որոնք այս դէպքին շուրջ հետաքննութեան նախաձեռնած են: Անոնք, որոնք այս դէպքին պատասխանատու են, պէտք է բացայայտուին, եւ այդ դէպքի ծալքերուն վրայ լոյս պէտք է սփռուի: Եթէ Ֆրանսա այս դէպքին շուրջ բացուած հետաքննութեան մէջ Թուրքիոյ օժանդակութեան կարիքն ունի, ապա մենք անմիջապէս պիտի տրամադրենք մեր օգնութիւնը«, աւելցուց Արընչ:
Յայտնենք, որ քիւրտ զոհերուն դիակները Չորեքշաբթի օր Փարիզէն Պոլիս ուղարկուած են:

comments