By Asbarez | Monday, 24 January 2011
Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Նոպէլեան մրցանակակիր, թուրք գրող Օրհան Փամուք, յունական «Քաթիմերինի» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է. «Ես չեմ հրաժարիր հայերուն եւ քիւրտերուն վերաբերեալ ժամանակին կատարած իմ յայտարարութիւններէս։ Ես ոչ թէ քաղաքական գործիչ եմ, այլ՝ գրականագէտ», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ կարեւոր կը նկատէ արժանապատուութիւնն ու ազնուութիւնը»։
Հարցազրոյցին ընթացքին, Օրհան Փամուք մասնաւորաբար խօսած է Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող իրավիճակին, թրքական մշակոյթին, իր ստեղծագործութիւններուն, ինչպէս նաեւ ազգայնական շրջանակներու կողմէ իր խօսքերն ու միտքերը աղաւաղելու փորձերուն մասին։
«Թուրքիան երկու տարբեր աշխարհներու միջեւ ամէնէն ճգնաժամային կէտին վրայ կը գտնուի։ Անիկա ունի երկու տարբեր կողմեր, ինչ որ բնական է։ Այդ իրավիճակը կ՛ազդէ նաեւ մեր մշակոյթին վրայ։ Շատ յաճախ մեր մշակութային դէմքը ձեւաւորուած է քաղաքական որոշումներու իբրեւ արդիւնք», յայտարարած է Փամուք:
Միւս կողմէ, «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Ալեքսանտրեթի նահանգային ընդհանուր ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին։ Արընչ նշած է. «Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն հայերը ապստամբեցան եւ զէնք օգտագործեցին։ Այն ժամանակ ստիպուած եղած ենք հայերը տեղահանել, եւ այս ընթացքին տեղի ունեցած բացասական դէպքերուն պատճառով, Հայաստանը եւ հայկական Սփիւռքը արդէն 90 տարիէ ի վեր մեզ կը մեղադրեն 2 միլիոն հայերու սպանութեան համար։ Մենք հայերը ցեղասպանութեան չենք ենթարկած, մենք ուրիշ երկիրներու նման չենք։ Ցեղասպանութեան մասին խօսողները թող Պոսնիոյ օրինակը բերեն»։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ