Տինքի Սպանութիւնը Չէր Կանխուած Որովհետեւ Ան Հայ Էր, Կը Գրէ Պիրանտ

By Asbarez | Monday, 24 January 2011

ՊՈԼԻՍ.- Չորս տարի առաջ, Յունուար 19ին սպաննուեցաւ «Ակօս» թերթի հիմնադիր խմբագիր Հրանդ Տինք։ Այդ առթիւ, Չորեքշաբթի օր անոր սպանութեան անդրադարձած է «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի խմբագիր, վերլուծաբան Մեհմետ Ալի Պիրանտը՝ Տինքի սպանութիւնը չարգիլելու եւ չբացայայտելու համար մեղադրելով թրքական իշխանութիւններն ու ոստիկանութիւնը։

«Չորս տարի անցած է այն օրէն, երբ սպաննուած է Հրանդ Տինք, սակայն թրքական ոստիկանութեան պատասխանատուները դեռ չեն պատժուած։ Եթէ չըլլային Նետին Շեներն ու միւս լրագրողները, հասարակութիւնը նոյնիսկ այս մասին չէր իմանար։ Հասարակութիւնը արդէն հասկցած է, որ ապահովութեան ոլորտի պատասխանատուները տեղեակ եղած են սպանութեան ծրագիրին մասին։ Ոստիկանութիւնը չէ կանխարգիլած կամ չէ կրցած կանխարգիլել Տինքի սպանութիւնը, որովհետեւ ան հայ էր։ Ոստիկանութիւնը դիտումնաւոր կամ ոչ դիտումնաւոր կերպով արհամարհած է սպանութենէն առաջ տեղի ունեցած պատրաստութիւնները», կը նշէ Պիրանտ՝ շեշտելով, որ հետախուզութիւնը չէ կատարած իր պարտականութիւնները։

Ըստ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի խմբագիրին, Հրանդ Տինքի սպանութիւնը տեղի ունեցած է պետութեան անտարբերութեան հետեւանքով, իսկ այդ անտարբերութիւնը դեռ կը շարունակուի։

«Ներքին գործոց նախարարութիւնը չի կատարեր անհրաժեշտը. Հրանդ Տինքի սպանութեան հետաքննութեան թղթապանակը կրկին չի բացուիր։ Կը լռեն՝ կարծելով, որ սպանութեան մեղաւորներու բացայայտումը վնաս պիտի հասցնէ պետութեան։ Սակայն հասարակութիւնը պէտք է ստանայ մութ հարցերու պատասխանները։ Թուրք հասարակութիւնը պէտք չէ ապրի նման խայտառակութիւն, եւ մեղաւորները պէտք է պատժուին», եզրափակած է Մեհմետ Ալի Պիրանտ։

Միւս կողմէ, թրքական շարք մը կուսակցութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ, «Առանց Հրանդի 4 տարի։ Հաշիւ կը պահանջենք իրական մարդասպանէն» խորագիրով ձեռնարկ մը եւ ցոյց մը տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ «Ակօս»ի շէնքին դիմաց, ապա քայլարշաւ մը՝ դէպի Թաքսիմի հրապարակ:

Վերոնշեալ նախաձեռնող խումբին յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Հրանդ Տինքի եւ պետութեան կողմէ իրագործուած միւս սպանութիւններուն իրական պատուիրատուները դատապարտելու համար, իրական պատուիրատուներէն հաշիւ պահանջելու համար, բոլորը կը հրաւիրենք Թաքսիմի հրապարակ»։

Անգարայի մէջ ցուցադրուեցաւ Տինքի նուիրուած ժապաւէն մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ «4 տարի է, որ Հրանդը չկայ» կարգախօսով հաւաք մը։

Նաեւ, Պոտրումի քաղաքապետարանին դիմաց տեղի ունեցաւ սուգի միջոցառում մը, որուն ընթացքին խօսեցաւ «Թարաֆ» օրաթերթի սիւնակագիր Մարգար Եսայեանը։

Վերջապէս, «Ենի Շաֆաք» թերթին մէջ, Ապտիւլգատիր Սերվի դիտել կու տայ, որ եթէ Իրաւագիտութեան բաժանմունքին մէջ հաստատուի դասընթացք մը այն մասին, թէ «ինչպէ՞ս կարելի է չբացայայտել ոճիրի մը մանրամանսութիւնները», կարելի է իբր օրինակ ցոյց տալ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը։ Դարձեալ, եթէ Ոստիկանական ակադեմիոյ մէջ հաստատուի դասընթացք մը այն մասին, թէ «Ինչպէ՞ս կարելի է արգելք չըլլալ ոճիրի մը գործադրութեան», նաեւ կարելի է իբր օրինակ ցոյց տալ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը։ Սերվի կ՛աւելցնէ, թէ ոճրագործ Օկիւն Սամասթը այս ոճիրը գործած էր ո՛չ թէ ազգայնապաշտ զգացումներու ազդեցութեան տակ, այլ անոր համար, որ իր ետին կազմակերպուած մարմին մը կար։

comments