* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Թուրքիա Ցեղասպանութեան Նկատմամբ Աւելի Մեղմ Կեցուածք Մը Կ՛ակնկալէ Գանատայէն

Monday, 24 January 2011     |    |   

Source: Asbarez
Tags: turkey, armenian genocide, canada

ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Գանատայի Ծերակոյտի նախագահ Նոէլ Քինսելիի հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մեհմետ Ալի Շահին, Հինգշաբթի, Յունուար 20ին յայտարարած է, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն նպատակը Հայկական Ցեղասպանութեան գիտական եւ անկողմնակալ ուսումնասիրութիւնն էր։

«Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարաններ որոշումներ որդեգրած են 1915ի իրադարձութիւններուն առնչութեամբ։ Գանատան այդ պետութիւններու շարքին միակ երկիրն է, որ այդ որոշումներուն կ՛աջակցի նաեւ կառավարութեան մակարդակով։ Սակայն վերջին շրջանին, Գանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի կողմէ այս նիւթին առնչութեամբ կատարուած յայտարարութիւններուն մէջ կը նկատենք որոշ մեղմ երանգ, զոր կը բնութագրենք իբրեւ ճիշդ ճանապարհին կատարուած քայլ։ Յոյսով ենք, որ Ապրիլին, այս նիւթին առնչութեամբ նոր խնդիրներ չեն յառաջանար», յայտարարած է այցելութեամբ Գանատա գտնուող Շեհին՝ ընդգծելով, որ հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունի «յիշողութիւններու բախում»։

«Մենք կ՛ուզենք, որ 1915ի իրադարձութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուի գիտական եւ անկողմնակալ մօտեցում։ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները ճիշդ այդ նպատակը կը հետապնդեն։ 1915ի իրադարձութիւններու հարցին մէջ, 800 տարի շարունակ գոյակցած հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունի յիշողութեան բախում։ Մենք մեր յիշողութիւնները չենք փորձեր պարտադրել ոեւէ մէկու, եւ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի իր յիշողութիւնները մեզի պարտադրելու։ Այս նիւթին առնչութեամբ, գանատացի պաշտօնակիցներէն կ՛ակնկալենք անկողմնակալ մօտեցում», ըսած է Մեհմետ Ալի Շահին։

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement