By Asbarez | Tuesday, 12 February 2013
ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Իթար-Թասս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ ռուս որոշ պաշտօնեաներու դէմ պատժամիջոցներ հաստատող ամերիկեան օրէնքի որդեգրումը պայմանաւորուած է Միացեալ Նահանգներու հին գործելաոճով՝ «Միացեալ Նահանգները աշխարհի թիւ մէկն է» կարգախօսով:
Լաւրով օրէնքը ցուցադրական նկատած է. «Եթէ ամերիկեան իշխանութիւնները նպատակ ունէին ոեւէ մէկ ռուսի արտօնութիւն չտալ Ամերիկա մուտք գործել, այդ մէկը կրնար ընել առանց բարձրագոչ յայտարարութիւններու», նշած է ան:
Լաւրով նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու արգելակումը հիմնականին մէջ Ուաշինկթընի պատճառով էր: Լաւրով նաեւ յայտարարած է, որ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկացիները թմրեցուցիչներու անօրինական շրջանառութեամբ կը զբաղին: «Ես տեղեկութիւններ տեսած եմ, թէ ամերիկացիները, իրենց հրամանատարութենէն գաղտնի՝ անօրինական ձեւով կը մասնակցին թմրեցուցիչներու վաճառքի հոլովոյթին», ըսած է նախարարը:
«Միացեալ Նահանգները առանձնաբար չէր կրնար եւ չի ալ կրնար Աֆղանիստանի մէջ բան մը ընել», նշած է Լաւրով՝ աւելցնելով, որ նոյնիսկ այդքան դաշնակիցներով մեծ իրագործում չէ իրականացած: «Ահաբեկչութեանց վտանգը որեւէ ձեւով չէ նուազած, իսկ թմրեցուցիչի վաճառականութեան վտանգը բազմապատկուած է: Անոնք (ամերիկացիները) ունակ չեն որեւէ հարց լուծելու, հակառակ անոր, որ տակաւին կը մնան ամէնէն հզօր զինուորական եւ տնտեսական ուժը: Միացեալ Նահանգները մէկ ժամէն պիտի չվերափոխուի, սակայն անոր պէտք է վարժեցնել, որ գործերը կարելի է իրականացնել միայն հաւասարութեան, հաւասարակշռութեան եւ շահերու փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ», եզրակացուցած է Լաւրով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ