Մոսկուա. «Սուրիոյ Կացութիւնը Կը Վատթարանայ»

By Asbarez | Friday, 15 February 2013

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտնեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի Սուրիոյ շուրջ «աշխատանքային խմբակ»ը ընդլայնելու գաղափարին՝ Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի կողքին անոր միացնելով կարգ մը այլ երկիրներ, ինչպէս՝ Լիբանանն ու Յորդանանը. ան շեշտեց, թէ խմբակը կարելի եղածին չափ շուտ պէտք է ժողով գումարէ, որովհետեւ ներկայ կացութիւնը կրնայ Սուրիոյ քայքայման առաջնորդել:

Պոկտանով նաեւ նշեց, որ իր երկիրը սկիզբէն ի վեր աշխատանքային խմբակի անդամներու յաւելման կողմնակից եղած է, սակայն «առաջին հանգրուանին՝ անհրաժեշտ էր միջազգային լայն համախոհութեան հասնիլը, ապա՝ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները մեր աշխատանքին մասնակից դարձնելը»: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ իր կարգին յայտնեց, թէ Մոսկուա «աշխուժօրէն կ՛աջակցի բոլոր անոնց, որոնք Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծում գտնելու կը ջանան»:

«Դժբախտաբար, Սուրիոյ մէջ կացութիւնը կը վատթարանայ, ներքին բախումներուն կշռոյթը չի դանդաղիր եւ ծայրայեղականներուն միջեւ իսկ բախումներ կ՛արձանագրուին», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է արիւնահեղումը դադրեցնել եւ երկխօսութեան սկսելու համար միջոցառում մը որդեգրել: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման ճամբան կ՛անցնի «սուրիական ներքին լայն երկխօսութեան ուղիէն»:

Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ տագնապի բոլոր կողմերուն եւ արտաքին դերակատարներուն հետ ջանք թափել՝ աջակցելու համար անոնց, «որոնք Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման կը ձգտին»: Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի տակաւին կը խաղայ կարեւոր դերակատարութիւն մը, որուն Ռուսիան կը շարունակէ զօրակցիլ:

Մինչ այդ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ լիկան «ժամանակին հետ մրցումի մէջ է եւ կ՛օգտագործէ կարելի բոլոր միջոցները՝ դադրեցնելու համար սուրիական վէրքին արիւնահոսութիւնը» եւ կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը մղելու համար տագնապին խաղաղ ճամբով ելք մը գտնելու, ինչպէս նաեւ կը շարունակէ վարչակարգին կոչ ուղղել՝ ընդառաջելու սուրիացի ժողովուրդի պահանջներուն:

Մինչ այդ, Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւին՝ Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Իսամ Արիան յայտնեց, որ Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու անդամներէն Մուհամմատ Մահրազ, Սուրիոյ մէջ Սուրիական ազատ բանակի շարքերէն կռուելու ընթացքին սպաննուած է:

comments