Սարգսեանը Շնորհաւորելու Կիւլի Քայլը Վիրաւորական Կը Նկատուի Ատրպէյճանցիներուն Կողմէ

By Asbarez | Thursday, 21 February 2013

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.», «Թրենտ».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի կողմէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին յղուած շնորհաւորագիրը վիրաւորական նկատուած է ատրպէյճանցի քաղաքական գործիչներու կողմէ:

«Սերժ Սարգսեան Թուրքիոյ թշնամին է: Ան Թուրքիան կ՛ամբաստանէ այսպէս կոչուած «Հայկական Ցեղասպանութիւն» իրագործելու յանցանքով եւ հողային պահանջներ ունի անկէ: Յստակ չէ, որ ինչո՞ւ Ապտուլլահ Կիւլ պէտք էր առաջիններէն ըլլար, որ շնորհաւորէ Սերժ Սարգսեանի վերընտրութիւնը», յայտարարած է ատրպէյճանցի քաղաքագէտ Վաֆա Կիւլիզատէ:

Ան աւելցուցած է. «Կը հասկնանք, երբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կը շնորհաւորէ, որովհետեւ Հայաստանը Ռուսիոյ մէկ նահանգն է, սակայն նախագահ Կիւլի կողմէ բռնագրաւող երկիրի մը նախագահին ուղղուած շնորհաւորականը անկարելի է, որ հասկնանք: Յստակ է, որ Սարգսեան զեղծարարութեանց միջոցաւ կը մնայ իշխանութեան վրայ եւ թշնամին է ժողովրդավարական հակումներ ունեցող հայերուն: Ի՞նչ է, այս շնորհաւորագիրը ղրկելով՝ Կիւլ որոշած է նեցո՞ւկ կանգնիլ Հայաստանի մէջ մենատիրական կարգերուն»:

Իր կարգին, Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին յարաբերութեան խորհրդական Նովրուզ Մամետով յայտարարած է, թէ Կիւլ պէտք է յստակացնէ Սարգսեանը շնորհաւորելու իր դրդապատճառը:

comments