* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Քիւրտ Լէյլա Զանա Դարձեալ Կը Դատապարտուի

Wednesday, 29 July 2009     |    |   

Source: Asbarez
Tags: zana, kurds, turkey

ՏԻԱՐՊԷՔԻՐ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուած առաջին քիւրտ կինը հանդիսացող յայտնի քաղաքական գործիչ Լէյլա Զանա Երեքշաբթի, Յուլիս 28ին դարձեալ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ թրքական ատեանին կողմէ, Լոնտոնի համալսարաններէն մէկուն մէջ իր կատարած մէկ ճառին համար: Ան այս անգամ 15 ամսուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, որովհետեւ անոր խօսքերը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ի նպաստ քարոզչութիւն նկատուեցան:

Ան իր ելոյթին ընթացքին յայտարարած էր, թէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնն ու անոր բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանը, «քիւրտերուն համար կարեւոր են այնքան, որքան մարդ արարածին համար կարեւոր են անոր ուղեղն ու հոգին»:

Զանայի դէմ բացուած դատը կը քննուէր Տիարպէքիրի Քրէական բարձրագոյն ատեանին կողմէ, որուն վերջին նիստին ընթացքին Զանայի փաստաբանները պնդեցին, թէ Զանայի արտասանած ճառը քարոզչութիւն չէր, այլ՝ պարզապէս կացութեան գնահատական մը, եւ դատարանէն խնդրեցին անոր դէմ արձակուած ամբաստանութիւնը անտեսել։

Դատաւորները, հիմնուելով ահաբեկչական կազմակերպութեան մը քարոզչութիւն կատարելը քրէական յանցանք նկատող օրէնքի մէկ յօդուածին վրայ՝ Զանան դատապարտեցին 16 ամիս բանտարկութեան, սակայն դատարանին մէջ անոր լաւ վարմունքին համար, բանտարկութեան վճիռը նուազեցուցին 15 ամսուայ։

Դատախազները Զանայի դէմ 5 տարուան բանտարկութեան վճիռ մը պահանջած էին։
Զանայի փաստաբանները յայտնեցին, թէ վճիռը վերատեսութեան ենթարկելու դիմում պիտի կատարեն:
Անցեալ տարի Զանայի դէմ արձակուած 10 տարուան բանտարկութեան վճիռը եւս վերատեսութեան կ՛ենթարկուի:

1994ին, այլ քիւրտ երեսփոխաններու հետ 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտուելէ ետք, Զանա եւ միւս քիւրտ երեսփոխանները ազատ արձակուած էին 2004ին, երբ թրքական վճռաբեկ ատեան մը անոնց դէմ արձակուած նախկին վճիռը անհիմն նկատած էր: Զանա, որ խորհրդարանի անդամ ընտրուած էր 1991ին, Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի թեկնածու եղած է:

 

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement