ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, ՄԱԿի կեդրոնակայանին մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ, աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուր կոչ ըրած է Իսրայէլին՝ պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Վկայակոչելով «Կոլ Իսրայէլ» ձայնասփիւռի կայանը՝ Յունուար 23ին, Փարիզի մէջ կայացած Երուսաղէմի համալսարանի միջազգային մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, Ազնաւուր յայտարարած է, որ Թուրքիոյ «քարանձաւային հակասեմիթիզմը» ի յայտ եկած է միայն վերջին տարիներուն: Ան նշած է, թէ մերձաւոր-արեւելեան բոլոր խնդիրներուն մէջ Թուրքիան հակահրէական յստակ դիրքորոշում գրաւած է: