Կիւլ Կը Խոստանայ Յաւելեալ Քայլերու Դիմել Տինքի Սպանութեան Հարցով

By Մարմարա | Tuesday, 01 February 2011

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Չորեքշաբթի, Յունուար 26ին, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին կարեւոր յայտարարութիւններ ըրաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան ու ոչ իսլամ քաղաքացիներու իրաւանց առնչութեամբ։

Ինչպէս գրած էինք, Կիւլ Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանականներու վեհաժողովին առջեւ ելոյթ ունեցած էր ու յայտարարած, թէ Թուրքիա իր պատմութեան ընթացքին ցեղասպանութիւն չէ կատարած։ Նախագահը Սթրազպուրկէն վերադարձին լայնաշունչ զրոյց մը ունեցաւ լրագրողներու հետ ու ըսաւ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցը տկարութեան պատկեր մը ստեղծած է Թուրքիոյ համար, ու Թուրքիոյ վարկը շատ վնաս կրած է այս ոճիրին պատճառաւ։

«Որպէսզի անգամ մը եւս այսպիսի պատահար մը չկրկնուի, պայման է, որ այս խնդիրը լուսաբանուի ամբողջովին», ըսաւ Կիւլ եւ ընդունեց, որ եթէ հարկ ըլլայ, այս խնդիրը լուսաբանելու պարտականութիւնը կրնայ յանձնել Պետական հարցաքննիչ խորհուրդին, որ ուղղակի նախագահին հաշուետու մարմին մըն է։

Կիւլ խօսեցաւ նաեւ այլ ոճիրներու մասին, ինչպէս նաեւ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանին կողմէ Տինքի հարցով Թուրքիան դատապարտող որոշումին մասին. «Անշուշտ, որ Թուրքիան դատապարտող այսպիսի որոշում մը մեզի համար ամօթալի է. ես ամօթահար զգացումներով դիմաւորեցի այդ լուրը», ըսաւ Կիւլ, որ կրկնեց, թէ ոճիրը ամբողջ աշխարհին մէջ թուրքերու մասին շատ յոռի պատկեր մը ստեղծեց. «Կը նշանակէ, որ արդէն չենք կրցած պաշտպանել մեր քաղաքացին եւ մէջտեղը որոշ թերացումներ կան, ոճիրին մանրամասնութիւնները երեւան չեն հանուած, հակառակ անոր, որ ոճիրէն ի վեր այսքան ժամանակ անցած է. ասիկա տկարութիւն է մեզի համար ու մեր մասին ալ տկարութեան պատկեր կը ստեղծէ ամբողջ աշխարհին մէջ։ Չեմ փորձեր զմեզ արդարացնել ըսելով, որ ո՛չ, մենք ամէն ինչ ըրինք», ըսաւ նախագահը՝ անուղղակիօրէն հակադարձելով մէկ օր առաջ վարչապետ Էրտողանի այն պնդումին, թէ Թուրքիա առաւելագոյնը ըրած է Տինքի հարցով:

«Անշուշտ որ Թուրքիոյ համար ամօթալի կ՛ըլլայ, եթէ մեր դատական համակարգը չկարենայ վերջնական որոշումի մը յանգիլ. ասիկա կասկածի մթնոլորտ մը կը ստեղծէ մեզի դէմ», ըսաւ նախագահ Կիւլ։

ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐ՝ ՈՉ ԻՍԼԱՄՆԵՐՈՒՆ

Լրագրող մը ուրիշ շատ կարեւոր յիշեցում մը ըրաւ եւ ըսաւ, թէ վերջերս հայ մը շահած էր Եւրոմիութեան ընդհանուր քարտուղարութեան մասին քննութիւնը, բայց գերագոյն ատեանը կախակայած էր այդ քննութիւնը, եւ հարցուց, թէ այս մասին ի՞նչ կ՛ըսէ նախագահը։ Կիւլ պատասխանեց. «Կարելի՞ է, որ ընդունուի այսպիսի բան։ Այսպիսի ամօթալի բան կ՛ըլլա՞յ։ Ասիկա կը նշանակէ ինքզինք մերժել, ինքնիրեն հակասել։ Բայց ձեզի բան մը ըսեմ։ Ապագային հաւանաբար պիտի լսէք. պիտի տեսնէք, որ մօտիկ ապագային այս բաները անցեալի մէջ պիտի մնան ու պիտի տեսնէք, որ այս երկրին բոլոր հայրենակիցները, եթէ արժէք ունին, պիտի կարենան ստանձնել ամէն տեսակ պաշտօն։ Իսլամ կամ ոչ-իսլամ, ինչ կ՛ուզէ թող ըլլայ։ Այս ուղղութեամբ կարգ մը նորութիւններ պիտի տեսնէք։ Ես այսքանը ըսեմ։ Վաղը եթէ իմանաք, այս խօսքերս կը յիշէք»։

Յիշեցնենք, որ 2009ին, Լէօ Սուրէն Հալէպլի անունով հայ երիտասարդ մը յաջողած էր Թուրքիոյ նշեալ պաշտօնը ստանձնելու քննութեան մէջ, բայց 2010ի Փետրուարին հաղորդուեցաւ, որ Թուրքիոյ գերագոյն ատեանը դիրք գրաւած էր քննութեան արդիւնքին հանդէպ ու կասեցուցած էր անոր գործադրութիւնը։ Այս կերպով, Հալէպլիի նշանակումը առկախուած էր։ Յայտնի էր, որ ասիկա կը կատարուէր պարզապէս անոր համար, որ Հալէպլի հայ էր։

«Դիտել տանք, որ ոչ-իսլամ մեր հայրենակիցներն ալ իրենց կարեւոր նպաստը կրնան բերել իրենց ապրած երկրի վերելքին ու զարգացումներուն, եթէ հնարաւորութիւն տրուի անոնց, ինչպէս կը տրուէր Օսմանեան կայսրութեան օրերուն։ Մենք գիտենք, որ հանրապետական շրջանին բազմաթիւ պաշտօնական դիրքերու ու պաշտօններու դռները գոցուեցան ոչ-իսլամ հայրենակիցներուն առջեւ։ Ըստ օրէնքի՝ արգելք չկայ, բայց գործադրութեան մէջ արգելք կայ, եւ ա՛յդ է որ պատահած է Հալէպլիի նշանակման պարագային։ Այս տեսակէտէն, իսկապէս կարեւոր, շա՛տ կարեւոր է այն, ինչ հանրապետութեան նախագահը ըսած է լրագրողներուն», կը գրէ «Մարմարա»։

ՏԻՆՔԻ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔԻ
ՀԵՂԻՆԱԿԸ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ
ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ

Հրանդ Տինքի մասին վերջերս գիրք մը հրապարակած «Պուկիւն» թերթի աշխատակից Ատեմ Եաւուզ Արսլան սկսած է սպառնալիքներ ստանալու։ Հինգշաբթի, Յունուար 27ին, թրքական մամուլը կը հաղորդէ, թէ գիրքի հեղինակին ղրկուած է ծրար մը, որուն մէջ կային չորս փամփուշտներ ու Տինքի սպաննած ոճրագործին կրած սպիտակ գդակին նման գդակ մը։ Ծրարը քննութեան առնուած է ապահովութեան պաշտօնեաներուն կողմէ ու բացայայտուած, թէ ան ղրկուած էր Եոզկատէն։

Այս առնչութեամբ Արսլան ըսաւ. «Տարօրինակ է, որ այս ծրարին ղրկուած օրը, մենք խօսած էինք վարչապետ Էրտողանի հետ ու վարչապետն ալ ընդունած էր, որ թէեւ Տինքի վրայ կրակողը ձերբակալուած էր, բայց գործին հրամանատարները չէին գտ-նուած։ Եթէ մէկը այս գիրքին հեղինակին կրցեր է փամփուշտ ու սպիտակ գդակ ղրկել, ապա կը նշանակէ որ այս գիրքը իր պարտականութիւնը կատարած է: Պետութիւնը, որ արդէն չկրցաւ պաշտպանել Տինքը, եթէ զիս ալ պիտի չկարենայ պաշտպանել, ապա, այդ պարագային, ըսելիք բան չկայ»։

comments