Նախագահ Օպամա Կ՛ուզէ Երկարաձգել Պրայզայի Պաշտօնավարութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 01 February 2011

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոնկրեսի ընդդիմութենէն խուսափելու համար, Քոնկրեսի արձակուրդին Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին վրայ Մեթիու Պրայզան նշանակած նախագահ Պարաք Օպամա կ՛ուզէ երկարաձգել անոր պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը, կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:

Արդարեւ, եթէ Ծերակոյտը մինչեւ տարեվերջ չվաւերացնէ Պրայզայի նշանակումը, ապա տակաւին Պաքու չհասած Պրայզայի պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիէն կ՛աւարտի: Այս իրողութենէն խուսափելու համար, Օպամա դիմած է Ծերակոյտին, որ պաշտօնապէս վաւերացնէ Պրայզայի նշանակումը:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան ցաւ յայտնեց Օպամայի այս դիմումին համար, աւելցնելով, որ նոյնսիկ նախագահին կուսակից ծերակուտականներ դէմ են Պրայզայի նշանակման՝ նկատի ունենալով անոր որդեգրած կողմնակալ քաղաքականութիւնը:

Համբարեան յոյս կը յայտնէ, որ ծերակուտականները դէմ կը դնեն Օպամայի այս նախաձեռնութեան, որպէսզի երկրին շահերը, դիւանագիտական վարկը եւ ամերիկեան արժէքները չոտնակոխուին:

Նախագահի այս փորձերուն ընդդիմանալու նպատակով, կարելի է նամակներ յղել Սպիտակ տան կամ ծերակուտականներուն՝ այցելելով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համացանցային կայքը՝ www.anca.org

comments