Շուէտացի Նախարարը Ցեղասպանութիւնը Կը Յիշատակէ

By Asbarez | Tuesday, 01 February 2011

ՍԹՈՔՀՈԼՄ.- Շուէտի կառավարութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ Շուէտի համարկումի նախարար, Ազատական-ժողովրդավար կուսակցութեան անդամ Էրիք Ուլենհակ, Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի սինակոկին մէջ, հերթական ողջակիզումի զոհերուն յիշատակման առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ յիշեցուցած է Հիթլերի խօսքերը եւ օգտագործած է «Հայոց Ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը։

Շուէտացի նախարարը ըսած է. «Ատոլֆ Հիթլերին կը վերագրեն «Ո՞վ կը յիշէ հայերը» արտայայտութիւնը։ Ան նկատի ունէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ տեղի ունեցած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն, երբ շուրջ 1.5 միլիոն հայեր, ասորիներ եւ քաղդէացիներ զոհուեցան այն երկրին մէջ, որ այսօր Թուրքիան է։ Ոչ ոք պէտք է ըսէ «Ո՞վ կը յիշէ հրեաները»։ Նուազագոյնը, զոր մենք կրնանք ընել՝ յարգելու համար Ողջակիզումի զոհերուն յիշատակը, մշտապէս պահելն է տեղեկութիւնը այն մասին, թէ ի՛նչ եղած է։ Եթէ ժխտողներուն թոյլատրուի յաղթել պատմութեան պայքարը, ատիկա անդառնալի ոտնձգութիւն պիտի ըլլայ զոհերու յիշատակին առջեւ. եւ մշտապէս առկայ պիտի ըլլայ վտանգը, որ ատիկա կրնայ կրկնուիլ»։

comments