Մուպարաքի Համակիրները Կը Յարձակին Լրագրողներու Վրայ

By Ռոյթըրզ | Monday, 07 February 2011

ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Փետրուար 3ին Եգիպտոսի նախագահ Հոսնի Մուպարաքի ընդդիմադիրներուն վրայ նախագահի համակիրներուն շարունակուող յարձակումներուն ընթացքին, յատուկ թիրախ դարձան տեղացի եւ օտար լրագրողներ, որոնցմէ քանի մը հատը վիրաւորուեցաւ: Մուպարաքի համակիրները նոյնիսկ ներխուժեցին պանդոկներ՝ լրագրողներ փնտռելով: Չկարենալով նման յարձակումեր զսպել՝ բանակը սկսած է լրագրողներ ձերբակալելով՝ հրապարակէն հեռացնել զանոնք:

Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու կառավարութիւնները խստօրէն դատապարտեցին լրագրողներու վրայ նման յարձակումներ՝ զանոնք «ամբողջովին անընդունելի» որակելով:

Ազատութեան հրապարակին վրայ, Չորեքշաբթիէն Հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին Մուպարաքի ընդդիմադիրներուն վրայ նաեւ կրակ բացուեցաւ:

Բանակը, որ Չորեքշաբթի օր գրեթէ դիտողի դեր ստանձնած էր, Հինգշաբթի օր կարգ մը վայրերու մէջ անջատման գօտի յառաջացուցած է ընդդիմադիրներուն եւ նախագահ Մուպարաքի համակիրներուն միջեւ:

Հինգշաբթի օր, արձակազինութեան պատճառով ցուցարար մը սպաննուեցաւ, իսկ երկու ուրիշներ վիրաւորուեցան՝ զոհերուն թիւը 8ի հասցնելով: Նախապէս, Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարը հաղորդած էր, թէ Գահիրէի Ազատագրութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած դէպքերուն ու բախումներուն պատճառով, 5 հոգի սպաննուած է եւ արձանագրուած է 836 վիրաւոր:

Եգիպտոսի նորանշանակ վարչապետ Ահմատ Շաֆիք, խօսելով Չորեքշաբթի օր Ազատագրութեան հրապարակին վրայ արձանագրուած բախումներուն մասին՝ խոստացաւ այդ դէպքերուն շուրջ հետաքննութիւն կատարել։ Մինչ այդ, Եգիպտոսի ընդհանուր դատախազը կարգ մը նախկին նախարարներու եւ պաշտօնատարներու ճամբորդութեան դէմ արգելք սահմանեց, եւ անոնց դրամատնային հաշիւները սառեցուց։

Միւս կողմէ, Իսլամ եղբայրները հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ յաւելեալ բախումները կանխարգիլելու համար, հարկ է որ նախագահ Մուպարաք եւ իր կառավարութիւնը հրաժարին։ «Կը պահանջենք այս վարչակազմին տապալումը եւ բոլոր կողմերը ներառող ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ընդդիմութիւնը «Մեկնումի Ուրբաթ» հռչակած է Փետրուար 4ը, եւ այս առթիւ բազմամարդ ցոյցեր կը նախատեսուին։

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի յայտնեց, թէ այն, ինչ Թունուզի եւ Եգիպտոսի մէջ տեղի կ՛ունենայ, իսլամական վերազարթնումի մէկ տեսակն է, եւ աւելցուց. «Ամերիկա պէտք է դադրեցնէ Եգիպտոսի ներքին հարցերուն միջամտութիւնը»։

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ իշխանութեան փոխանցումը արագօրէն գործադրելու մասին խօսքերը անիրապաշտ են եւ Եգիպտոսի ներքին հարցերու միջամտութիւն։

Եգիպտոսի կառավարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ արձագանգեց Եգիպտոսի մէջ արիւնալի դէպքերը կանխելու վերաբերեալ Թուրքիոյ նախագահի եւ վարչապետի նամակներուն. «Մենք կը ցաւինք, որ Թուրքիան կը միջամտէ Եգիպտոսի ներքին գործերուն։ Թող ամէն երկիր զբաղի իր գործերով», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

comments

Advertisement