Քլամարի Քաղաքապետը Դատապարտած Է Սարքոզին

By Նիուզ | Monday, 07 February 2011

ՓԱՐԻԶ, «Նիուզ».- Ըստ «Nouvelles d՛Armenie»ի հաղորդումին, Քլամարի քաղաքապետ, Իլ-տէ-Ֆրանսի եւրոպական եւ միջազգային գործերով տարածաշրջանային խորհուրդի փոխնախագահ Ֆիլիփ Քալտենպախ դատապարտած է նախագահ Սարքոզին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտ-ման մասին քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու օրինագիծին հարցով՝ երկերեսութիւն ցուցաբերելուն համար։

Ֆիլիփ Քալտենպախ յայտարարած է. «Պետութեան ղեկավարի դիրքորոշման այս փոփոխութիւնը՝ նման լուրջ հարցի մը նկատմամբ, անթոյլատրելի է»:

Ըստ Քալտենպախի, այս իրավիճակը անտանելի է. «Ժխտողներու խումբերը աւելի թունաւոր կը դառնան: Չափազանց կարեւոր է, որ Ծերակոյտը քննարկէ այդ բաժինը: Մենք այլեւս չենք կրնար հանդուրժել, որ հանրապետութեան տարածքին մարդիկ անպատիժ ժխտեն նման բարբարոսութիւն», ըսած է քաղաքապետը:

Նշենք, որ 2006ի Հոկտեմբեր 12ին, Ֆրանսայի խորհրդարանը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական պատասխանատուութիւն ենթադրող օրինագիծը: Անիկա պէտք է այնուհետեւ քննարկուէր նաեւ Ծերակոյտին կողմէ, բայց առ այսօր չէ կատարուած այդ մէկը:

Շնորհիւ «Ուիքիլիքս»ի բացայայտումներուն, յայտնի դարձած էր, որ նախագահ Սարքոզի թրքական իշխանութիւններուն հաւաստիացուցած է, թէ նշեալ բաժինը «կը մեռնի Ծերակոյտին մէջ»:

comments

Advertisement