By Asbarez | Monday, 29 April 2013
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Էյ.Փի.».- Երկուշաբթի, Ապրիլ 29ին, Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի մահափորձէ մը անվնաս փրկուեցաւ, երբ ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ մայրաքաղաք Դամասկոսի արեւմտեան շրջաններուն մէջ, ուրկէ կ՛անցնէր վարչապետը փոխադրող ինքնաշարժը: Ըստ տարբեր աղբիւրներու՝ պայթումին հետեւանքով սպաննուած է հինգ կամ վեց հոգի եւ վիրաւորուած են բազմաթիւ ուրիշներ:
Միւս կողմէ, Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ, Եգիպտոսի նախագահի արտաքին հարցերու խորհրդական Իսամ Հատտատի հետ Թեհրանի մէջ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին զգուշացուց, որ սուրիական ընդդիմութեան յաղթանակը պատճառ պիտի դառնայ անկայունութեան ալիքի մը, որ «ամբողջ շրջանին դէմ սպառնալիք մը պիտի ըլլայ»:
Եգիպտոսի նախագահի խորհրդականը Թեհրան կ՛այցելէր՝ Եգիպտոսէն, Թուրքիայէն, Իրանէն եւ Սէուտական Արաբիայէն բաղկացած խմբակի՝ Սուրիոյ տագնապին լուծում մը գտնելու աշխատանքին ծիրին մէջ:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով Լիբանան իր այցելութեան աւարտին, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ ռուսական դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցած է սուրիական ընդդիմութենէն Սուրիական համակարգումի յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար Հասան Ապտել Ազիմի գլխաւորութեամբ պատուիրակութեան մը հետ: Ան նշեց, որ Մոսկուա սոյն յանձնախումբը սուրիական ընդդիմութեան մէկ հիմնական մասը կը նկատէ՝ աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման յանձնախումբին ծրագիրը կը համընկնի Ռուսիոյ սկզբունքներուն:
Մինչ այդ, բրիտանական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Տէյվիտ Ռիչըրտզ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը զգուշացուց, թէ Սուրիոյ մէջ զինուորական ուղղակի որեւէ միջամտութիւն մը կրնայ բրիտանական ուժերը ներքաշել ամբողջական պատերազմի մը մէջ, որուն հետեւանքները անկանխատեսելի կրնան ըլլալ:
Իսկ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր նախարարներուն թելադրեց Սուրիոյ տագնապին շուրջ յայտարարութիւններ չկատարել: Ան այդ ցուցմունքը տուաւ արտաքին գործոց փոխնախարար Զայիֆ Էլքինի այն յայտարարութենէն ետք, թէ՝ պէտք է Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարել, որովհետեւ վարչակարգը ընդդիմութեան դէմ քիմիական զէնք օգտագործած է:
Սուրիական ազատ բանակէն աղբիւրներ, իսրայէլեան «Մաարիւ» թերթին յայտնած են, որ իսրայէլեան ռազմական օդանաւեր Շաբաթ օր, Դամասկոսի մէջ նախագահական պալատին վերեւը թռիչք կատարած են, ապա՝ ռմբակոծած հետազօտութեան կեդրոն մը, որ քիմիական զէնքերու յատուկ զօրաբաժինի կեդրոնատեղին կը նկատուի:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ