«Եւրոպայի Համար Դուք Դարձած Էք Խորհրդանիշը Այն Ճշմարտութեան, Որ՝ Կեանքէն Աւելի Կարեւոր Է Ազատութիւնը». Եւրոպացի Պատգամաւոր

By Asbarez | Monday, 29 April 2013

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մամլոյ դիւանին կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, 26 Ապրիլին Ազգային ժողովի նիստերու մեծ դահլիճին մէջ պատգամաւորական կազմը հանդիպում ունեցած է այդ օրը կարճատեւ ճանաչողական այցելութեամբ Արցախ ժամանած Եւրոխորհրդարանի ԵՄ-Հայաստան պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի անդամներէն ու Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւորներէն բաղկացած միացեալ պատուիրակութեան հետ:

Եւրոպայէն եկած հիւրերուն կարգին էին ԵՄ-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահ, միացեալ պատուիրակութեան ղեկավար Էլենի Թէօխարուսը,  Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներ Էտուարտ Սթատլըրը, Քիրիաքոս Տրիանտաֆիլիտեսը, Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հետ բարեկամութեան շրջանակի անդամներ, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Վալերի Պուայէն եւ Կի Տեսսիէն, պելճիքացի յայտնի հայագէտ փրոֆ. Պեռնար Կուլին: Հանդիպումին կը մասնակցէին Երեւանէն պատուիրակութեան ուղեկցող Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեանը եւ պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեանը:

Հանդիպումը վարած է Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, որ դիտել տուած է, թէ այդ օրը յիշարժան է Արցախի խորհրդարանի տարեգրութեան մէջ:  «Մեզ համար չափազանց հաճելի է ու պատուաբեր ձեզ հիւրընկալել այստեղ՝ մեր հայրենիքում, որի հանդէպ դուք նոյնպէս անտարբեր չէք: Անկախ, ինքնիշխան պետականութիւն կերտող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդը եւ իշխանութիւնները մշտապէս ուրախ են հայրենի հողում տեսնել եւ հիւրընկալել  բարեկամների: Մենք հէնց այդպէս էլ՝  որպէս բարեկամների այց ենք ընկալում ու գնահատում ձեր՝ միջազգային շրջանակներում, ինչպէս որ ձեր հայրենի երկրներում՝ Կիպրոսում, Աւստրիայում, Ֆրանսիայում, Բելգիայում բարձր հեղինակութիւն վայելող ներկայացուցիչներիդ, ժամանումն Արցախ»:

Ան դիտել տուած է, որ եւրոպացի պատգամաւորներուն այցելութիւնը վկայութիւն է այն իրողութեան, որ ժողովրդավարական արժէքներու օրրան Եւրոպան եւ անոր միջազգային ու ազգային օրէնսդրական կառոյցները՝ առաջնորդուելով իրենց իսկ հռչակած եւ համընդունելի ժողովրդավարական արժէքներու համատարած հաստատման ու պահպանման սկզբունքներով, երբեք անտարբեր չեն, աւելին՝ մեծապէս հետաքրքրուած եւ ուշադիր են ազգային-ազատագրական պայքարի ելած ժողովուրդներու, որոնց կարգին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին  ճակատագիրի նկատմամբ: «Արժանւոյնս գնահատելով միջազգային, այդ թւում՝ եւրոպական  կառոյցներում, պետական կառավարման ազգային մարմիններում գործող մեր բարեկամ քաղաքական գործիչների, օրէնսդիրների կողմից մեր ձգտումների եւ խնդիրների զգայուն ընկալումն ու բարոյական աջակցութիւնը, որի ցայտուն արտայայտութիւնն է նաեւ ձեր այս այցն Արցախ, մենք գտնում ենք, որ վաղուց ժամանակն է, որպէսզի  միջազգային հանրութիւնը, ի շարս վերջին տարիներս պետական անկախութիւն հռչակած այլ երկրների, իր մէջ ընդգրկի նաեւ  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը՝ էական քայլեր կատարելով նրա իրաւական ճանաչման ասպարէզում», յայտարարած է Ղուլեան։ Անոր համաձայն, այդ քայլերով պայմանաւորուած է կայունութեան եւ խաղաղութեան վերջնական հաստատման իրական կարելիութիւնը, որով շահագրգռուած ենք թէ՛ մենք, թէ՛ համայն աշխարհը:

Հանդիպումին ընթացքին խօսք առած է նաեւ պատուիրակութեան ղեկավար Էլենի Թէօխարուսը, որ յայտնած է, թէ իրեն համար պատիւ է ունենալ երկու հայրենիք՝ Յունաստանն ու Արցախը: Անոր համաձայն, Արցախը այսօր աշխարհին կը ներկայանայ որպէս մարտնչող ժողովրդավարութեան երկիր, ունի հպարտ ժողովուրդ, որ կը հաւատայ ազատութեան ու արդարութեան յաղթահանդէսին:

«Այն պայքարը, որ դուք մղած էք յանուն ազգային ինքնորոշման յաղթանակի, պայքար էր նաեւ յանուն  եւրոպական քրիստոնէական մշակոյթի պահպանման, ուստի կը հաւատամ, որ հոս՝ Արցախի մէջ, մենք կը պաշտպանենք նաեւ եւրոպական արժէքներն ու քաղաքակրթութիւնը, կը պաշտպանենք ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլ նաեւ աշխարհի որեւէ անկիւնը ապրող իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութիւնն ու ազատութիւնը: Եւրոպայի համար դուք դարձած էք խորհրդանիշը այն ճշմարտութեան, որ կեանքէն աւելի կարեւոր է ազատութիւնը», շեշտած է ան։

Ան յայտնած է, որ պիտի հասնինք այն հանգրուանին, երբ Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ մարդիկ պիտի հասկնան, որ որոշում կայացնելու ատեն ամէնէն կարեւորը ազգային ինքնորոշման իրաւունքն է:

Խօսքի աւարտին Եւրոպական խորհրդարանի ԵՄ-Հայաստան պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի նախագահը շնորհաւորած է Արցախի ժողովուրդին՝ անցեալ տարի տեղի ունեցած նախագահական, ժողովրդավարական ընտրութիւններուն առիթով։

Ապա խօսք առած է Վալերի Պուայէն, որ կարեւոր նկատած է Արցախի մէջ հայկական մշակոյթի եւ քրիստոնէական արժէքներու պահպանումը։ Ան ափսոսանք յայտնած է այն մասին, որ այսօր ամբողջ աշխարհը կը խօսի Քոսովոյի մասին, մինչդեռ քիչեր գիտեր Ղարաբաղի մասին՝ կոչ ուղղելով յաւելեալ տեղեկութիւն փոխանցել աշխարհին «ձեր ժողովուրդին, ազատութեան ձեր ձգտումներուն, ձեր անկախութեան մասին»։ Խօսելով Ֆրանսայի մէջ ստեղծուած Լեռնային Ղարաբաղի հետ բարեկամութեան շրջանակին մասին, ան դիտել տուած է, որ անոր նպատակն է հետապնդել Լեռնային Ղարաբաղի ազատութեան ու անկախութեան ամրապնդումը:  Ան հաստատած է, որ Եւրոպայի մէջ պիտի շարունակուի աշխատանքը՝ յանուն արդարութեան, որպէսզի արցախցիները կարենան ապրիլ ազատ ու անկախ երկիրի մէջ։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է նաեւ Արտակ Զաքարեանը՝ հաստատելով, որ Արցախի ժողովուրդը կը կերտէ իր պետականութիւնը եւ այդ ուղիէն ետդարձ չկայ։ Ան յոյս յայտնած է, որ «մեր եւրոպացի գործընկերներն ապագայում իրենց բարեկամական այցերը կը վերածեն պաշտօնական այցերի՝ իրենց երկրների անունից։ Արցախի դրօշը պէտք է իր արժանի տեղը գրաւի ՄԱԿի անդամ միւս պետութիւնների կողքին, քանզի  Արցախն արդէն նուաճել է իր անկախութիւնը, մնում է յարգել ու ճանաչել այն։ Ամենակարեւորը՝ մենք միայնակ չենք, ունենք բարեկամներ, եւ այս ամպիոնից ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել նրանց»։

Հանդիպումէն ետք եւրոպացի պատուիրակութիւնը այցելած է Արցախի պետական համալսարան՝ հանդիպում ունենալով դասախօսական կազմին եւ ուսանողութեան հետ:
Նոյն օրը պատուիրակութիւնը վերադարձած է Երեւան:

comments