Ըստ Իրանի Դեսպանին՝ Ղարաբաղեան Պատերազմի Վերսկսման Վտանգ Չկայ

By Թերթ | Monday, 14 February 2011

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ղարաբաղեան պատերազմի վերսկսման վտանգ չկայ: Այս մասին երէկ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի մօտ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան դեսպան Սեյէտ Ալի Սաղայեանը՝ աւելցնելով, որ պատերազմի վերսկսման նախադրեալներ չկան այսօր: Ըստ դեսպանին, Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան եւ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրները թոյլ չեն տար պատերազմի վերսկսման:

Սեյէտ Ալի Սաղայեան նաեւ նշեց, թէ Իրան կողմնակից է այս հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծելու ընտրանքին: Ան յիշեցուց, որ Իրանի նախագահը նոյնպէս կը կիսէ այն տեսակէտը, որ բոլոր հակամարտութիւնները, ներառեալ՝ ղարաբաղեանը, պէտք է լուծուին խաղաղ ճանապարհով:

«Միջազգային փորձագէտները կ՛ըսեն, թէ տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքները հաւասար են: Սակայն, ի՛նչ կը վերաբերի մարդու իրաւունքներուն՝ կը կարծեմ, որ ատոր կարգավիճակը աւելի բարձր է: Պէտք չէ անտեսել մարդու իրաւունքը եւ իր ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքը, որուն շնորհիւ ալ Հարաւային Սուտանի մէջ մարդիկ հանրաքուէին մասնակցեցան», յայտնեց դեսպանը:

Միեւնոյն ժամանակ ան աւելցուց, թէ որեւէ տարածաշրջանի համար հաճելի չէ այն երեւոյթը, որ երկիր մը, Ատրպէյճանի նման, այնքա՛ն զէնքի կուտակում ունենայ. «Տարածաշրջանային հզօր երկիրները կը փորձեն վերահսկել այդ գործընթացը», ըսաւ դեսպանը:

Ալի Սաղայեան նաեւ յիշեցում կատարեց Իրանի տեսակէտին մասին. «Մենք դէմ ենք այն բանին, որ այս հակամարտութիւնը կրօնական բնոյթ կը կրէ: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները նոյնպէս տեղեակ են այդ մասին»:

comments