By Asbarez | Monday, 03 August 2009
ԹԻՖԼԻՍ, «Արմէնփրէս.- Կարս-Ախալքալաք-Պաքու երկաթուղիի նախագիծին վրացական բաժինը կառուցելու պարտականութիւնը ստանձնած սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութեան տնօրէն Պիձինա Պրեկածէ Երկուշաբթի, Օգոստոս 3ին խոստովանեցաւ, որ որոշ ձգձգումներու հետեւանքով արդէն իսկ կարելի պիտի չըլլայ ծրագիրը ամբողջացնել նախապէս որոշուած թուականին: «Աշխատանքներու ժամանակացոյցը խախտած է, բայց այդ մէկը լուրջ հարցեր պիտի չստեղծէ», վստահեցուց ան:
Ձգձգումները հետեւանք են նիւթական ապահովելու դժուարութիւններուն: Արդարեւ, անհրաժեշտ 420 միլիոն տոլարէն ցարդ կարելի եղած է ծրագիրին յատկացնել միայն 34 միլիոն տոլար: Վրաստանի մէջ քաղաքական անկայունութիւնը եւս չի նպաստեր ծրագիրը ժամանակին աւարտելու ջանքերուն:
Այս երկաթուղին կառուցելու համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ 2008ի Փետրուարին, Թիֆլիսի մէջ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի նախագահներուն եւ Թուրքիոյ վարչապետին միջեւ, նպատակ ունենալով զայն օգտագործելի դարձնել 2011ի կէսերուն:
Ներկայ տուեալներով, երկաթուղիին կառուցումը, լաւագոյն պարագային, պիտի աւարտի 2012ին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ