Եւրոխորհրդարանը Սահմանը Բանալու Կոչ Կ՛ընէ Թուրքիոյ Եւ Հայաստանի

By Asbarez | Monday, 14 February 2011

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Հինգշաբթի, Փետրուար 10ին, Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստին ընթացքին տեղի ունեցած է Թուրքիոյ վերաբերող զեկոյցին մէջ փոփոխութիւններու քննարկումը եւ քուէարկութիւն։

Զեկոյցին մէջ անդրադարձ կայ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցին։

Զեկոյցի 32րդ յօդուածը կոչ կ՛ուղղէ «երկու կողմերուն՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ, առանց նախապայմաններու վաւերացնելու երկկողմանի յարաբերութիւններ հաստատող արձանագրութիւնները եւ բանալու սահմանը. նաեւ՝ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ օգտագործելու իր տարածաշրջանային կշիռը, վստահութեան միջոցներու ընդլայնման ուղղութեամբ»։

32րդ յօդուածի փոխզիջումային տարբերակին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է Չորեքշաբթի երեկոյեան կայացած զեկուցողներու հերթական հանդիպման ընթացքին։

Զեկոյցի 12րդ յօդուածը կը վերաբերի թրքական ընդյատակեայ «Էրկենեքոն» ահաբեկչական խմ-բակի հարցին եւ Հրանդ Տինքի սպանութեան:

Զեկոյցի յօդուածներէն մէկը կ՛անդրադառնայ նաեւ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններուն վերաբերող հարցերուն։

Զեկոյցին վրայ հիմնուած բանաձեւը քուէարկութեան պիտի դրուի Եւրոխորհրդարանի Մարտ 7-10ին նախատեսուած նստաշրջանին ընթացքին։

comments