Նախագահ Մուպարաք Հրաժարեցաւ

By Ռոյթըրզ | Monday, 14 February 2011



ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ Եգիպտոսի տարածքին միլիոնաւոր քաղաքացիներ իրենց ընդարձակուած բողոքի ցոյցերով դժգոհութիւն կը յայտնէին Հինգշաբթի գիշեր նախագահ Հոսնի Մուպարաքի պատկերասփռուած ելոյթին համար, ուր ան յայտարարած էր, թէ պիտի շարունակէ մնալ նախագահի պաշտօնին վրայ, Ուրբաթ, Փետրուար 11ին փոխնախագահ Օմար Սլէյման կարճ յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, թէ Մուպարաք որոշած է հեռանալ իշխանութենէն՝ իր լիազօրութիւնները յանձնելով զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդին:

Ցուցարարները ցնծութեամբ դիմաւորեցին 1981էն ի վեր երկրի նախագահի պաշտօնին վրայ մնացող Մուպարաքի հրաժարութեան լուրը։ «Վերջապէս ազատ ենք», ըսաւ 60ամեայ ցուցարար մը:

Ընդդիմութեան ղեկավարներէն՝ Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի տիրացած Մուհամմատ Պարատէյի յայտարարեց. «Այսօր կեանքիս ամենաուրախ օրն է», յոյս յայտնելով, որ իշխանութեան փոխանցումը սահուն կ՛ընթանայ:

Մուպարաքի հրաժարման յայտարարութենէն առաջ, բողոքի ցոյցերը կազմակերպած երիտասարդները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ մերժեցին Մուպարաքի Հինգշաբթի օրուան ուղերձը, եւ պահանջեցին ազգային փրկութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին լուծարումը:

Ցուցարարները Գահիրէի մէջ նաեւ Պետական պատեկարսփիւռի կայանն ու ապահովական ուժերու կեդրոնը պաշարեցին. ցոյց մը տեղի ունեցաւ նաեւ նախագահական պալատին առջեւ:

Մուպարաք եւ իր ընտանիքը նախագահական օդանաւով Շարմ էլ Շէյխ հասած էին, նախքան Սլէյմանի Ուրբաթ օրուան յայտարարութիւնը:

Նաեւ, բանակը իր հրապարակած թիւ 2 հաղորդագրութեամբ յայտարարեց, թէ կ՛երաշխաւորէ մէկ օր առաջ Մուպարաքի խոստացած բարեփոխումներուն գործադրութիւնը եւ ժողովուրդի պահանջներուն գոհացումը, ինչ որ պիտի առաջնորդէ արտակարգ դրութեան ջնջումին եւ նախագահական ազատ ընտրութիւններու կայացման:

ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, իր կարգին յայտարարեց, թէ երկրին ժողովրդավարականացման գործընթացին մէջ բանակը պէտք է շինիչ դերակատարութիւն ունենայ:

comments

Advertisement