Պրայզա Կը Սկսի Գործել

By Էյ.Փի.Էյ. | Monday, 21 February 2011

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Հինգշաբթի, Փետրուար 17ին, Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Մեթիու Պրայզա իր հաւատարմագիրները յանձնեց նախագահ Իլհամ Ալիեւի:

Արարողութենէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Պրայզա յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն կարեւոր կը համարեն Ատրպէյճանի հետ իրենց յարաբերութիւնները:

Պրայզա նաեւ շեշտեց, թէ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Ատրպէյճանի, յատկապէս ուժանիւթի, ապահովութեան եւ ժողովրդավարական կարգերու ամրապնդման մարզերէն ներս, միաժամանակ նշելով, թէ Արցախի տագնապը կարելի է խաղաղ միջոցներով լուծել:

comments