By Asbarez | Thursday, 16 May 2013
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Չորեքշաբթի, Մայիս 15ին իր հրաւիրած խորհրդարանի լիագումար նիստը յետաձգեց մինչեւ Մայիս 24, նկատի ունենալով «Մարտ 14»ի քաղաքական ուժերէն «Մուսթաքպալ»ի եւ Լիբանանեան ուժերուն կողմէ ներկայացուած խառն ընտրական օրինագիծը ու անոր շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Հակառակ անոր, որ ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու նշոյլները կը մնան տկար, Պըրրի Չորեքշաբթի յետմիջօրէին նախագահեց ընտրական օրինագիծի քննարկման խորհրդարանական ենթայանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ենթայանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ:
Մինչ այդ, Մայիս 15ի լիագումար նիստը վերածուեցաւ զանազան խմբաւորումներու կողմէ գումարուած անջատ նիստերու:
Նախ «Մարտ 14»ի երեսփոխանները մամլոյ ասուլիսով մը ներկայացուցին խառն ընտրական օրէնքը, որ հիմնուած է 54 առ հարիւր մեծամասնական դրութեան, իսկ 46 առ հարիւր՝ համամասնական դրութեան վրայ: Մամլոյ ասուլիսէն կը բացակայէին Փաղանգաւոր կուսակցութեան ներկայացուցիչները:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ ընտրական խառն օրինագիծը լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերու շահերուն կը ծառայէ: «Յանձնառու ենք սիւննի, տիւրզի, շիի եւ քրիստոնեայ համայնքներուն արդար ներկայացուցչութեան», ըսաւ ան:
Ապա, այլ մամլոյ ասուլիսով մը հանդէս եկաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական խմբաւորումը, որուն անունով երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, թէ վերապահութիւններ ունին խառն ընտրական օրինագիծին առնչութեամբ: Ան մերժեց գաւառները իրենց ներկայ դրութեան մէջ պահելու եւ փոխարէնը՝ նահանգներուն մէջ խտրութիւն դնելու իրողութիւնը: Ժեմայէլ յայտնեց, թէ պէտք է շարունակել խորհրդակցութիւնները՝ յանգելու համար այլ օրինագիծի մը:
Պըրրի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ երեսփոխանական տարբեր խմբաւորումներու հետ, ինչպէս նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:
Այս հանդիպումէն ետք զօր. Աուն կատարեց յայտարարութիւններ, որոնց մէջ ան խստօրէն դատապարտեց կարգ մը ուժերու խոստմնադրուժ ըլլալու իրականութիւնը՝ նկատի ունենալով Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին թեր քուէարկելու ոմանց տուած խոստումները: Զօր. Աուն նշեց, թէ այսօր իրենք կրնային քրիստոնեաներուն վերադարձնել անոնց իրաւունքները: «Մենք յոյս ունէինք, որ հակառակորդ կողմերը հասկնային, թէ երկիրը կարելի է պահել միայն արդարութեամբ եւ հաւասարութեամբ: Դժբախտաբար, կարգ մը քրիստոնեաներ, որոնք իրաւատէրերն են, զիջած են իրենց իրաւունքներէն՝ իրականացնելով երկրորդ Թայէֆ մը», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մերժեց Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին «աւելորդաբանութիւնները»՝ նկատել տալով, որ այդ օրինագիծը օրէնքի վերածելու ոչ մէկ յոյս կայ: Ժահժահ մերժեց դաւաճանութեան ամբաստանութիւնները եւ կոչ ուղղեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան՝ շարունակելու ընտրական օրէնք մը գոյացնելու նպատակով բանակցութիւնները:
Ընտրական օրինագիծը քննող ենթայանձնախումբը ներկայիս կը քննէ ընտրական օրինագիծի տարբերակ մը, որ 50 առ հարիւրով հիմնուած է Ուղղափառ հանդիպումին մշակած համամասնական օրինագիծին եւ 50 առ հարիւրով՝ Լիբանանը 26 ընտրաշրջանի բաժնող մեծամասնական օրինագիծին վրայ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ