Տինքը Սպաննողին Դատավարութեան Նոր Հանգրուանը Կը Սկսի

By Հիւրրիյէթ | Tuesday, 01 March 2011

ՊՈԼԻՍ, «Հիւրրիյէթ».- Երկուշաբթի, Փետրուար 28ին, Պոլսոյ անչափահասներու 14րդ ատեանին մէջ սկսաւ Հրանդ Տինքը սպաննած Էօկիւն Սամասթի դատավարութեան նոր հանգրուանը:

Սամասթ մինչեւ անցեալ Հոկտեմբեր 25 կը դատուէր սովորական ատեանի մը մէջ, սակայն օրէնքներու փոփոխութեան հետեւանքով, անոր դատավարութիւնը փոխադրուեցաւ անչափահասնելու ատեան, որովհետեւ ան ոճիրին ընթացքին (Յունուար 2007ին) 18 տարիքը չէր բոլորած:

Տինքի ընտանիքի փաստաբանները մտահոգ են այս փոփոխութեամբ, որ կրնայ աւելի եւս ձգձգել արդէն իսկ հարկաւորէն աւելի երկարած դատավարութեան ընթացքը:

Տինքի ընտանիքի փաստաբաններէն Ֆեթհիյէ Չեթին Երկուշաբթի օր յայտնեց, թէ այսուհետեւ Տինքի ընտանիքին անդամները ներկայ պիտի չըլլան դատավարութեան բոլոր նիստերուն, որովհետեւ դատավարութեան ընթացքը «շատ հեռու է արդարադատութեան պահանջներէն»:

Երկուշաբթի օրուան նիստին ընացքին, Սամասթի դէմ ամբաստանագիրը դարձեալ կարդացուեցաւ, ապա ան յայտարարեց, թէ չորս տարի առաջ կատարուած նման ընթերցումէ մը ետք իր կատարած յայտարարութեան վրայ աւելցնելիք չունի:

Միւս կողմէ, Ուրբաթ օր «Էրկենեքոն» ահաբեկչական խմբակի դատավարութեան նիստերէն մէկուն ընթացքին, ամբաստանեալներու միջեւ հեռաձայնային զրոյցի մը ունկնդրութենէն անգամ մը եւս մէջտեղ եկած է այն պնդումը, թէ ոճիրին ընթացքին Սամասթի մօտ կանգնած էին երկու ուրիշներ, որոնց ինքնութեան շուրջ անորոշութիւն կը տիրէ:

Յայտնենք, թէ Սամասթ կրնայ 25էն 40 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:

comments