Ռուսիա Մէկ Միլիառ Տոլարի Ռազմական Սարքեր Կը Ծախէ Ատրպէյճանին

By Asbarez | Tuesday, 18 June 2013

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Գարնան սկսած են 2011-2012ին կնքուած պայմանագիրներով նախատեսուած ռուսական ցամաքային սպառազինութեան մատակարարումները դէպի Ատրպէյճան. այս մասին «Վետոմոսթ» լրատու գործակալութեան յայտնած է ռուսական ռազմական արդիւնաբերութեան բաժանմունքէն աղբիւր մը:

Գործակալութեան աղբիւրին համաձայն՝ կը յանձնուին «Էս. 90 Էս.» հրասայլերու երեք գումարտակներ (94 միաւոր), աւելի քան երեք գումարտակ (շուրջ 100 միաւոր) հետեւակի մարտական մեքենաներ, «Մսթա Էս.» ինքնագնաց հրետանային կայանք (18 միաւոր), «Սմեր»չ տիպի համազարկային համակարգերու բաժանմունք, «Վենա» ինքնագնաց հրետանի (18 միաւոր) եւ «Տօս 1 Այ. Սոլնցեփեկ» ծանր հրանետային համակարգերու մարտկոցներ (6 միաւոր):

«Էս. 90 Էս.» հրասայլերը պիտի յանձնուին կատարելագործուած եւ նորագոյն սարքաւորումներով յագեցած վիճակով:

Պայմանագիրով նշուած համակարգերուն ընդհանուր արժէքը 700 միլիոնէն մէկ միլիառ տոլարի միջեւ է:

comments