Նախկին Ոստիկանապետը Կը Խոստանայ «Գերեզման Տանիլ» Տինքի Սպանութեան Մասին Իր Տեղեկութիւնները

By Մարմարա | Tuesday, 15 March 2011

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Սապահ» թերթէն Սավաշ Այ հարցազրոյց մը կատարած է այժմ Օսմանիյէի կուսակալ, իսկ նախապէս Պոլսոյ ապահովութեան տնօրէն Ճելալետտին Ճերրահի հետ։ Նիւթը, բնականաբար, Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցն է։ Ինչպէս գիտենք, Ճերրահ եւ այդ օրերու Պոլսոյ կուսակալ Մուհարրեմ Կիւլեր ամբաստանուած էին Տինքի սպանութեան հարցով թերացած ըլլալու մեղադրանքով։

Հարցազրոյցին ընթացքին, սակայն, Ճերրահ բացարձակապէս մերժած է խօսիլ այս մասին եւ ըսած է, որ այս նիւթին շուրջ կան դատական երկու որոշումներ, որոնք վճռական են եւ որոնց դէմ վճռաբեկ ատեան իսկ կարելի չէ երթալ, այդ իսկ պատճառով, չի փափաքիր խօսիլ այս մասին։

Ճերրահ ըսած է նաեւ, որ պատմելու բան չունի, որովհետեւ կրնայ սխալ հասկցուիլ։ Ան աւելցուցած է, թէ կան մարդիկ, որոնք իրենց բոլոր տեղեկութիւնները իրենց հետ միասին գերեզման կը տանին. «Ես ալ անոնցմէ մէկն եմ», ըսած է Ճերրահ։

comments