Պաքու Մտահոգ Է Ալան Ժիւփէի Յայտարարութեամբ

By Էյ.Փի.Էյ. | Tuesday, 15 March 2011

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ֆրանսայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատունը Հինգշաբթի, Մարտ 10ին կը տեղեկացնէ, թէ մտահոգ է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալան Ժիւփէի կողմէ մէկ օր առաջ կատարուած այն յայտարարութեամբ, թէ՝ ինքնորոշման իրաւունքը Արցախի տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքն է:

Դեսպանատան համաձայն, հարկաւոր քայլեր պիտի առնուին յստակացնելու համար ֆրանսացի նախարարին յայտարարութիւնը:

Ժիւփէ այս հաստատումը կատարած էր Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ՝ պատասխանելով պատգամաւոր Ֆրանսուա Ռոշպլուանի այն հարցումին, որ կ՛առնչուէր ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման եւ Ատրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութեան:

comments