Սպանիոյ Խորհրդարանը Մերժած Է Քննել Ցեղասպանութեան Բանաձեւը

By Asbarez | Tuesday, 15 March 2011


Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը մերժած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին ներկայացուած բանաձեւը։

Թրքական լրատու գործակալութեան համաձայն, առաջարկը ներկայացուած էր Քաթալոնիայի Հանրապետական ձախ կուսակցութեան կողմէ։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին բանաձեւը քննելու առաջարկին կողմ քուէարկած է միայն Պասքերու ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը։

Սպանիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած միւս կուսակցութիւնները, որոնց շարքին՝ իշխող Ընկերվարական աշխատաւորական կուսակցութիւնը, առաջարկին դէմ քուէարկած են։

Իշխող կուսակցութենէն երեսփոխան Իզապել Պոզուելլօ նշած է, թէ Սպանիա, այս հանգրուանին, պէտք չունի նման հարցի մը, եւ կոչ ըրած է շեշտը դնելու Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը լուծելու աշխատանքներուն վրայ:

Սպանիոյ ինքնավար երեք մարզերու խորհրդարաններ արդէն իսկ վաւերացուցած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր:

comments

Advertisement