By Asbarez | Tuesday, 22 March 2011
ՊԵՌՆ.- Չորեքշաբթի, Մարտ 16ին, Զուիցերիոյ համադաշնակցութեան խորհրդարանին մէջ, հայ-զուիցերիական բարեկամութեան խորհրդարանական խումբին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած են քննարկումներ՝ նուիրուած Ղարաբաղի հակամարտութեան։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, էգ քննարկումներուն մասնակցած են Զուիցերիոյ խորհրդարանի հայ-զուիցերիական բարեկամութեան խորհրդարանական խմբակի համանախագահնել Ուելի Լեռնպերկըր եւ Տոմինիք տը Պուման, բարեկամութեան խմբակի անդամները, գլխաւոր քարտուղար Սարգիս Շահինեան, խորհրդարանի աշխատակազմի եւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական տնօրինութեան ներկայացուցիչներ, Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանատան եւ Ֆրանսայի մօտ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցչութեան աշխատակիցներ ու շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Հայ-զուիցերիական խորհրդարանական խմբակի նախագահ Տոմինիք տը Պուման նշած է, որ խումբը 2008ի Յունիսին Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին այցելած էր նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ, եւ ներկայիս քննարկումները նպատակ ունին զուիցերիական քաղաքական շրջանակներուն ներկայացնել Հայաստանի համար կենսական կարեւորութիւն ունեցող ղարաբաղեան հիմնահարցը, ատոր աշխարհաքաղաքական հետեւանքներն ու խնդիրները։
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ժամանակագրութիւնը եւ մարդկային իրաւանց առնչուող հարցեր», «Ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու հայեցակարգերը», «Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի վիճելի հարցերը» եւ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հեռանկարները, հնարաւոր զարգացումներ եւ անոնց քաղաքական հետեւանքները» զեկուցումներով ելոյթ ունեցած են փորձագէտներ Թեսա Հոֆման, Ժերար Կերկերեան, Օթթօ Լիուխթերհարտ եւ Ժիւլիէն Զարաֆեան։
Զեկուցումներուն յաջորդած են հարց ու պատասխանի ձեւաչափով քննարկումներ։ Քննարկումի մասնակցիներուն բաժնուած են հայ-զուիցերիական խորհրդարանական խումբի ջանքերով պատրաստուած «Լեռնային Ղարաբաղ. մարդկային իրաւունքներ, միջազգային իրաւունք եւ աշխարհաքաղաքական երեւոյթներ» եւ «æուղայի աւերումը ու Նախիջեւանի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը» գրքոյկները։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ