Ըստ Վրաստանի ԱՄՆ Դեսպանատան՝ Պրայզա Դեսպան Նշանակուած Է

By Asbarez | Monday, 10 August 2009

ԹԻՖԼԻՍ.- Հրաժեշտի այցով Թիֆլիս գտնուող ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի օգնական, ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահ Մէթիու Պրայզա, ըստ վրացական «Կրուզիա Օնլայն» գործակալութեան, որ վկայակոչած է Վրաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպանատան աղբիւրներ, նշանակուած է Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆի դեսպան:

Նշենք, որ իր անցեալի սովորութիւնը պահելով՝ Պրայզա վերստին ուզած է «յստակացնել», թէ՝ ի՛նչ կ՛ուզէր ըսել Ծաղկաձորի իր ելոյթով:

<<Ես (Ծաղկաձորի մէջ) չեմ ըսած, որ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ գտնուող 7 շրջաններու վերադարձով կ՛ապահովուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչպէս կը պնդեն հայկական Զանգուածային լրատու միջոցները: Ես յայտարարած եմ, որ 7 շրջաններու վերադարձումը կ՛արտացոլացնէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը», ըսած է Պրայզա՝ խօսելով ատրպեճանական հեռատեսիլի կայանի թղթակիցին հետ:

Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի ապագայ կարգավիճակին, Մէթիու Պրայզա յայտնած է, որ տարածաշրջանի բնակչութիւնը ինք պիտի որոշէ այդ հարցը:

<<Մենք առայժմ չենք գիտեր, թէ ինչո՛վ պիտի աւարտի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, սակայն հանրաքուէի կազմակերպումը պիտի ըլլայ կարգաւորման հիմնական պահերէն մէկը>>, յայտնած է Պրայզա:

comments

Advertisement