Google Կը Խախտէ Ցեղասպանութեան Մասին Ֆիլմի Մը Հեղինակային Իրաւունքները

By Asbarez | Monday, 28 March 2011

ՓԱՐԻԶ.- «Նուվէլ տ՛Արմէնի»ն կը տեղեկացնէ, թէ Google համացանցային որոնման կայքը Փարիզի Վերաքննիչ դատարանին կողմէ չորս անգամ յանցաւոր ճանչցուած է՝ հեղինակային իրաւունքներու խախտումի մեղադրանքով, եւ պարտաւորուած է հազարաւոր եուրօ վճարել հայցուորներուն:

Վերաքննիչ դատարանը քննած է չորս դատական վէճեր, որոնց կողմերը հանդիսացած են Google France et Google Inc.-ը՝ մէկ կողմէ, եւ լուսանկարիչ մը, «Mondovino» ֆիլմին արտադրողները ու Ցեղասպանութեան մասին ֆիլմ արտադրած ֆրանսա-գերմանական «Arte» պատկերասփիւռի կայանի համա-արտադրողները՝ միւս կողմէ: Վերաքննիչ դատարանը վճռած է նաեւ, որ Google-ը հայցուորներուն պէտք է վճարէ 430 հազար եուրօ գումար մը՝ իբրեւ «բարոյական վնասի» եւ դատական ծախսերու փոխհատուցում:

comments

Advertisement