By Asbarez | Wednesday, 21 August 2013
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԹԵԼ ԱՒԻՒ, ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան իշխող կուսակցութեան նահանգային ղեկավարներու ժողովին ընթացքին յայտարարած է, թէ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան ետին կը կանգնի Իսրայէլը։
«Այս մասին փաստեր ունինք։ 2011ի Ֆրանսայի ընտրութիւններու նախօրեակին, հոն կայացաւ հաւաքոյթ մը, որուն ընթացքին Իսրայէլի արդարադատութեան նախարարը կը խօսէր մտաւորականի մը հետ։ Ան ալ հրեայ էր։ Այսպէս արտայայտուած էր ան. «Եթէ Եգիպտոսի մէջ «Իսլամ եղբայրներ» կազմակերպութիւնը ընտրութիւնը շահի, ապա իշխանութիւնը պիտի չկարենայ շահիլ։ Որովհետեւ ժողովրդավարութիւնը ընտրական սնտուկ չի նշանակեր»», ըսած է Էրտողան, պնդելով, որ Եգիպտոսի մէջ ընտրական սնտուկին կարեւորութիւն չի տրուիր։
Վարչապետը, որ օրին դատապարտած էր «Կեզի» հանրապարտէզի ցուցարարները, զանոնք իբր օրինակ ցոյց տուաւ եւ ըսաւ, թէ անոնք քաղաքակիրթ ձեւով իրենց ըսելիքը ըսին, չկոտրեցին, չթափեցին:
Իսրայէլի հասցէին Էրտողանի ամբաստանութիւնը լայն արձագանգ գտաւ միջազգային հրապարակի վրայ եւ հակազդեցութիւնները չուշացան։
Առաջինը եկաւ Իսրայէլէն՝ հազիւ մէկ նախադասութեամբ, բայց՝ արհամարհական։ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը, պատասխանելով արեւմտեան լրատու գործակալութեան մը լրագրողի հարցումին՝ ըսաւ. «Ասիկա յայտարարութիւն մըն է, որուն մասին չ՛արժեր խօսիլ»։
Իսրայէլի նախարարութեան բանբերին այս արտայայտութիւնը գրաւոր կերպով հրապարակուեցաւ նաեւ Պոլսոյ մօտ Իսրայէլի հիւպատոսարանին կողմէ։
Հակազդեցութիւն մը եկաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներէն, որ բաւական ծանր էր։ Արդարեւ, արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հերքեց Իսրայէլի մասին Էրտողանի պնդումը եւ աւելցուց. «Ուժեղ կերպով կը պախարակենք վարչապետ Էրտողանի ըսածը։ Ըսել, թէ Եգիպտոսի պատահարներուն մէջ Իսրայէլի պատասխանատուութիւնը կայ՝ յարձակողական է, սխալ է եւ փաստի վրայ հիմնուած չէ»: Ան աւելցուց նաեւ, որ նմանօրինակ յայտարարութիւններ այլ ոչ մէկ բանի կը ծառայեն, եթէ ոչ կացինահարելու շրջանի երկիրներուն միջեւ գործակցութեան պատրաստակամութիւնը։
Իր կարգին, Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահի մամլոյ խորհրդականը, խօսքը Էրտողանին ուղղելով յայտնեց. «Արեւմուտքի գործակալները մեզի հայրենասիրութեան դասեր պէտք չէ տան: Շրջանային գործակալները պիտի չկարենան եգիպտական պետութիւնը քանդել»:
Մինչ այդ, եգիպտական դատախազութիւնը 15 օրով երկարաձգեց արգելափակումը Թուրքիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանի լրագրողին՝ արժանանալով Թուրքիոյ դեսպանատան բողոքին:
Միւս կողմէ, եգիպտական դատարան մը հրամայեց ազատ արձակել նախկին նախագահ Հոսնի Մուպարաքը: Ըստ անոր փաստաբանին՝ Մուպարաք կրնայ Օգոստոս 22ին իսկ ազատ արձակուիլ, եթէ դատախազութիւնը այդ քայլին դէմ դիմում մը չկատարէ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ