By Asbarez | Tuesday, 05 April 2011
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիհատ Էրկիւն յայտարարած է, որ Հրանդ Տինքի դէմ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածով բացուած դատերը նպաստեցին Տինքի սպանութեան:
Ան խոստովանած է, թէ վարչապետ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը սխալ գործած էր 301րդ յօդուածին մէջ որոշ փոփոխութիւններ կատարելով։ «Եթէ այդ փոփոխութիւնը չկատարուէր, մեծ էր հաւանականութիւնը, որ Հրանդ Տինքի դէմ քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածով հետապնդումներ չկատարուէին», նշած է թուրք նախարարը։
«Տինքի դատավարութեան ընթացքին սկիզբ առին այնպիսի գործողութիւններ, որոնք աստիճանաբար յանգեցուցին Հրանդ Տինքի դէմ մահափորձին», ընդգծած է Էրկիւն։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ