By Asbarez | Thursday, 05 September 2013
ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա պատրաստ է Սուրիոյ դէմ միջազգային որեւէ դաշնակցութեան միանալու:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պիւլենտ Արընչ մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը «Սուրիոյ դէմ հաւանական զինուորական հարուած մը շղթայազերծելու պատրաստութիւններ կը տեսնէ»:
Միւս կողմէ, թրքական «Սապահ» թերթը կը հաղորդէ, որ «Ինճիրլիք»ի ամերիկեան ռազմակայանին մէջ, վերջին քանի մը օրերուն, 4-5 բեռնատար զինուորական օդանաւեր էջք կատարած են, իսկ պատերազմական օդանաւերը հրթիռներով զինուած ու պատրաստ վիճակի մէջ դրուած են:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ