Գաղտնի Կապեր Ատրպէյճանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ

By Asbarez | Monday, 18 April 2011

«Ուիքիլիքս»ի բացայայտած փաստաթուղթերէն յայտնի դարձած է, որ Փետրուար 2007ին, Ատրպէյճանի մօտ Իսրայէլի դեսպան Արթուր Լենք հանդիպում մը ունեցած է Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էնն Տերսիի հետ եւ քննարկած Տաւոսի տնտեսական հաւաքին ընթացքին Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Ցիփի Լիվնիի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումին մանրամասնութիւնները։

Ըստ Տերսիի կողմէ Ուաշինկթընի իշխանութեանց յղուած նամակին, Լենք Տերսիի տեղեկացուցած է, թէ Իսրայէլ եւ Ատրպէյճան ստորագրած են ապահովութեան ոլորտին վերաբերող երկու գաղտնի փաստաթուղթեր, սակայն չէ պատմած անոնց բովանդակութեանց մասին։

Իսրայէլի դեսպանը նաեւ պատմած է, թէ նախագահ Իլհամ Ալիեւի անձնական խորհրդականը Իսրայէլի մէջ բուժուելու ընթացքին հանդիպում ունեցած է երկրի պաշտպանութեան փոխնախարարին եւ «Մոսատ»ի ներկայացուցիչներուն հետ։

Քանի մը տարիէ ի վեր Ատրպէյճանի ընդդիմադիր մամուլը կը գրէ Իսրայէլի ու Ատրպէյճանի միջեւ կապերուն մասին: Ըստ անոնց, Իսրայէլ «գերարդիական» լրտեսական սարքեր լարած է Ատրպէյճանի տարածքէն ներս եւ Ատրպէյճանի գաղտնի սպասարկութեան անդամներ կը մարզէ Իսրայէլի մէջ:

«Միկնիւզ» կայքէջը կը հաղորդէ, թէ Իսրայէլ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ քարիւղի պաշարներ ունեցող Ատրպէյճանին հետ դիւանագիտական եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն։

comments