By Էյ.Փի.Էյ. | Monday, 18 April 2011
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Սթոքհոլմի խաղաղութեան միջազգային հետազօտութիւններու հիմնարկը հրապարակեց տեղեկագիր մը՝ աշխարհի տարածքին 2010ի ռազմական ծախսերուն մասին, ըստ որուն, Հայաստանի պաշտպանական ծախսերը 2010ին հասած են 404 միլիոն տոլարի, որ 45 միլիոն տոլարով աւելի է 2009ի ծախսերէն, իսկ Ընդհանուր ներքին արտադրութեան մէջ ռազմական ծախսերու համեմատութիւնը կազմած է 4.2 տոկոս։
Ատրպէյճանի ռազմական ծախսերը նախորդ տարի հասած են 1.42 միլիառ տոլարի, ինչ որ 52 միլիոն տոլարով նուազ է 2009ի ծախսերէն։ Ատրպէյճան վետջին տասնամեակին 9.22 միլիառ տոլար տրամադրած է ռազմական ծախսերուն, մինչ Հայաստանի պարագային՝ այդ գումարը միայն 2.6 միլիառ տոլար է: Վրաստանի ռազմական ծախսերը 2010ին հասած են 452 միլիոն տոլարի, 2009ի 604 միլիոն տոլարին փոխարէն։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ