Քիւրտ Ղեկավարը Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընէ

By Asbarez | Monday, 02 May 2011

Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավարներէն Մուրատ Քարայըլան Ապրիլ 24ին կատարած յայտարարութեան մէջ ըսած է. «Ապրիլ 24ը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կոտորածի, աքսորի եւ ոչնչացման օր է։

96 տարի առաջ կոտորածներ եւ գաղթ տեղի ունեցան, եւ այդ պատճառով այսօր հայ ժողովուրդը սփռուած է ամբողջ աշխարհին մէջ, մինչ այդ, ինչ տեղի ունեցած է հայ ժողովուրդին, դեռ կը ժխտուի։ Թուրքիա պէ՛տք է դէմ յանդիման գայ իր սեփական անցեալին եւ պատմութեան հետ։ Ինչպիսի որակում ալ տան այդ իրադարձութիւններուն՝ կոտորած, ցեղասպանութիւն, թէ աքսոր, միեւնոյնն է, ատոր հետեւանքը մէկ է՝ հայ ժողովուրդը սպաննուած է, աքսորուած է։

Այս իրողութեան ժխտումը որեւէ արդիւնք չի կրնար տալ։ Մենք այսօր տեղի ունեցածին կապակցութեամբ մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք հայ ժողովուրդին՝ կիսելով անոր վիշտը»:

comments

Advertisement